ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- «Հայրենական պատերազմի տարիներուն ատրպէյճանցի երիտասարդները շատ աշխուժ էին ընկերային ցանցերու վրայ, եւ ընդհանուր առմամբ, կրնամ ըսել, որ մենք յաղթեցինք նաեւ տեղեկատուական պատերազմին մէջ», Ատրպէյճանի երիտասարդութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ըստ անոր՝ տեղեկատուական պատերազմին մէջ «յաղթանակը ապահովուած» է, թէ՛ աւանդական տեղեկատուական ներուժի, թէ ալ ընկերային ցանցերու միջոցով: «Մենք անգամ մը եւս ականատես եղանք երիտասարդութեան մեծ հայրենասիրութեան եւ հայրենիքի նկատմամբ սիրոյն: Նշեմ նաեւ, որ այս գործին միացան ո՛չ միայն Ատրպէյճանի քաղաքացիները, այլեւ ամբողջ աշխարհի ատրպէյճանցիները, ինքնակամ, սեփական նախաձեռնութեամբ: Անոնց ոչ ոք հրահանգ տուած է, անոնք իրենք դարձան տեղեկատուական դաշտի ռազմիկներ եւ աշխարհին հաղորդեցին ատրպէյճանական իրողութիւնները», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ տեղեկատուական պատերազմը կը շարունակուի, եւ անոր աւարտը չ՛երեւիր: