ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաթի օր հիւրընկալեց «Պայրաքթար» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարը եւ արհեստագիտութեան գծով ղեկավար Սելչուք Պայրաքթարը: Նշենք, որ Սելչուք Պայրաքթար նախագահ Էրտողանի փեսան է:
Յառաջիկայ Մայիսիին, Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած է «Թեքնօֆեսթ Ազրպէյճան»ը, որուն ծանօթացման համար Պայրաքթարները այցելեցին Պաքու եւ այցելեցին նաեւ «Պատերազմական աւարներու այգի»ն, որ հիմնուած է Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք:
«Պայրաքթար»ի արտադրած անօդաչու թռչող սարքերը վճռած էին Արցախի 44օրեայ պատերազմի ճակատագիրը՝ անհամեմատ առաւելութիւն ապահովելով Ատրպէյճանի բանակին: