ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 44օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրելու նպատակով կազմուեցաւ Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովը: Այս մասին կ՛ըսուի Ազգային ժողովի լիազօրութիւնները կատարող փոխնախագահ նախագահ Յակոբ Արշակեանի ստորագրած յայտարարութեան մէջ:
Յանձնաժողովի լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ պաշտպանութեան եւ ապահովութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովը:
Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը 26 Յուլիսին յայտարարեց 44օրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողով կազմելու որոշման մասին. անոր մէջ պիտի ներառուին նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը:
Յանձնաժողով կազմելու առաջարկը կառավարութեան ներկայացուցած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը, պատերազմէն ետք, սակայն Էդմոն Մարուքեանի ղեկավարած խմբակցութեան առաջարկին օրին իշխանութիւնը ընթացք չէր տուած: