ՊՈՍԹԸՆ, «Հայրենիք»․- «Միւզիքըլ Արմինիա»ի 37րդ համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 6ին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քարնըկի» կեդրոնի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ Երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիները՝ երգահան եւ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան, որ պիտի մեկնաբանէ Տաթեւ Ամիրեանի գործերը, եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան, հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով տասնամեակներու աւանդութիւնը։
«Միւզիքըլ Արմինիա»ն 1982ին հաստատուած էր Արեւելեան թեմի օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց միութեան ջանքերով, նպատակ ունենալով՝ երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնել եւ հայ երգահաններու գործերու տարածելու։ Անցնող տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։