ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Արտաքին ականջի ընդոծին տձեւութիւնները իրենց տարողութեան համաձայն կը յառաջացնեն որոշ աստիճանի լսողութեան տկարութիւններ:
Արտաքին ականջի տձեւութիւնները հասկնալու համար պէտք է հասկնալ անոր կազմաւորումը: Յղութեան ընթացքին, սաղմի կազմաւորման հետ տեղի կ՛ունենայ ականջի կազմաւորումը, աճը եւ զարգացումը: Ականջի կազմաւորումը փուլային է: Անիկա կը սկսի յղութեան երրորդ շաբաթը եւ իր լրումին կը հասնի յղութեան եօթներորդ ամսուան վերջաւորութեան:
Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ՝ արտաքին, միջին եւ ներքին: Այս երեք բաժիններու կազմաւորումը կը սկսի միասնաբար, սակայն անոնց ամբողջացումը տեղի կ՛ունենայ տարբեր ժամանակներու: Նախ կ՛ամբողջանայ ներքին ականջը, ապա անոր կը հետեւի միջին ականջը եւ վերջապէս արտաքին ականջը: Ներքին ականջին կազմաւորումը տեղի կ՛ունենայ բոլորովին տարբեր վայրէ, քան միջին եւ արտաքին ականջը, որոնք կը կազմաւորուին նոյն վայրին մէջ:

Որովհետեւ ականջի երեք բաժններու կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ՛ունենան հանգրուանային ձեւով եւ տարբեր կեդրոններէ, ականջի անբնական – տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթները կրնան յայտնուիլ ամբողջութեամբ կամ մասնակի: Ականջի տձեւութիւնները կրնան ըլլալ միակողմանի եւ կամ երկկողմանի:



Արտաքին ականջի անբնական երեւոյթները ընդոծին են, այսինքն անոնք կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այդ տձեւութիւններն են՝
1. Ականջեղ (macrotia), որ կը նշանակէ մեծ ականջակոնք (pinna).
2. Ականջուկ (microtia), որ կը նշանակէ պզտիկ ականջակոնք.
3. Բազմականջութիւն՝ ականջակոնքին առջեւ մէկէ աւելի աճառային պզտիկ գնդիկներու հաւաքածոյ.
4. Ցցուն-տնկուած ականջակոնք (lop ear).
5. Կրկնակի բլթակ (double earlobe) կամ ճեղքուած բլթակ (bifid earlobe).
6. Այլանդակ արտաքին ականջ՝ աղաւաղուած ձեւ եւ տեսք, ուր ականջակոնքը մասնակի կամ ամբողջովին խցած կ՛ըլլայ անցուղին եւ անիկա տեսանելի չ՛ըլլար.
7. Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն, ուր անցուղին նշմարելի չ՚ըլլար.
8. Անցուղիի նեղացում (stricture), խցում եւ անցուղիի բացակայութիւն՝ անանցանելիութիւն (atresia)․
9. Թմբկաթաղանդի անբնական կազմուածք եւ բացակայութիւն։
Վերջին չորս տձեւութիւնները կը յառաջացնեն մնայուն եւ անփոփոխելի զանազան աստիճանի լսողութեան տկարացումներ, որոնք հետեւանքն են արտաքին աշխարհի ձայներու ոչ-ամբողջական փոխանցման դէպի միջին ականջ:
Արտաքին ականջի տձեւութիւն ունեցող մանուկներու ծնողներէն շատերը կ՚ըսեն, թէ իրենց զաւկին տկար լսողութիւնը տարիներու ընթացքին աւելի վատթարացած է: Այս ենթադրութիւնը հետեւանքն է մանուկին աճումին զուգահեռ՝ անոր լսողութեան պէտքերուն բազմապատկուելուն եւ միջին ու ներքին ականջի այլ հիւանդութիւններու յառաջացման:
Մանուկին լեզուական զարգացումը կախեալ է հիմնականօրէն անոր լսողութեան հետ: Անոր տկար լսողութեան պատճառով, լեզուական զարգացումը անբնական ձեւով կը զարգանայ: Ականջակոնքի ընդոծին տձեւութիւն եւ անցուղիի անանցանելիութիւն ունեցող մանուկը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ կանուխէն, որովհետեւ ան կ՛ունենայ անբնական լեզուական զարգացում:
Արտաքին ականջի տձեւութիւնները կը դարմանուին վիրաբուժական գործողութեամբ եւ հետեւաբար լսողութիւնը կը դառնայ բնական, որովհետեւ արտաքին աշխարհի ձայներու փոխանցումը դէպի ականջաթմբուկ եւ միջին ականջ կ՛ըլլայ ամբողջական եւ լրիւ:



Այս տձեւութիւններու վերացումը կ՛ըլլայ մէկ կամ մէկէ աւելի վիրաբուժական միջամտութիւններով: Այլ խօսքով՝ վիրաբուժական միջոցառումը կ՛ըլլայ փուլային՝ հիմնուելով տձեւութեան տարողութեան եւ ձեւին վրայ:
Ընդհանրապէս կը կատարուին մէկէ աւելի միջամտութիւններ: Շատ հազուադէպ պարագայի միայն մէկ վիրաբուժութեամբ կը վերանայ տձեւութիւնը եւ կը վերականգնի բնական լսողութիւնը: Երկու ականջներուն միատեղ տձեւութիւնները, որոնք կը պատահին երկու ականջներուն լսողութեան տկարացումով, պէտք է վերանան կանուխ, որպէսզի վերականգնի երկու ականջներուն լսողութիւնը: Իսկ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է յետաձգել աւելի ուշ տարիքի, որովհետեւ մանուկը կ՛ունենայ երեւութապէս բնական լսողութիւն, այլ խօսքով՝ լսողութեան տկարացումը զգալի չ՛ըլլար:
Աղջիկներու մօտ եւ մանաւանդ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է քանի մը տարիով յետաձգել, որովնետեւ անոնց երկար մազերը կը ծածկեն ականջի տձեւութիւնը: Իսկ տղոց մօտ նոյնիսկ միակողմանի տձեւութիւնը պէտք է վերացուի կանուխ, որպէսզի մանուկին մէջ հոգեբանական վերիվայրումներ տեղի չունենան:

Մանր տձեւութիւններու վերացումը երկու սեռերուն մօտ պարտաւորիչ չէ: Անոնք ոչ մէկ ձեւով լսողութեան տկարացում կը յառաջացնեն: Անոնց վերացումը պայմանաւորուած է միայն գեղագիտական պատճառներով:
Տարիներ առաջ, դարմանատունս այցելած էր 25 տարեկան աղջիկ մը, որ կը գանգատէր իր միակողմանի ականջակոնքի այլանդակ տձեւութիւնէն եւ լսողութեան տկարացումէն: Յետ լսողութեան մանրակրկիտ քննութեան եւ արտաքին ականջի «Ք» ճառագայթային նկարումի, ախտաճանաչումս եղաւ հետեւեալը՝ ականջակոնքի միակողմանի ընդոծին տձեւութիւն, անցուղիի ամբողջական խցում, միջին ականջի առաջին երկու ոսկրիկներու՝ մուրճի եւ սալի միաձուլում-անշարժութիւն ինչպէս նաեւ 50 տոկոսով լսողութեան փոխանցման տկարացում:
Ենթակային բացատրելէ ետք, որ իր ականջի ընդոծին տձեւութեան եւ լսողութեան տկարութեան միակ դարմանամիջոցը վիրաբուժական գործողութիւնն էր, ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժական նուրբ գործողութեան մը, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Ենթական ունեցաւ երեւութապէս բնական ականջակոնք եւ անցուղի ու անջատ, շարժուն երկու ոսկրիկներ: Վիրաբուժական այս փոփոխութիւններուն հետեւանքով անոր լսողութիւնը 70 տոկոս բարելաւում արձանագրեց: