ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթելեան 21 Փետրուարին հեռավար ձեւաչափով հանդիպում ունեցաւ Աւստրալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի համանախագահներ Թրենթ Զիմմերմանի եւ Ժոյէլ Ֆիթսկիպընի հետ:
Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեանն ու գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Միքայէլ Գոլոգոսեանը:
Սաղաթէլեան երախտագիտութիւն յայտնեց աւստրալացի խորհրդարանականներուն՝ հայ-աւստրալական կապերու զարգացման համար՝ նշելով, որ պատրաստակամ է ներդնել յաւելեալ ջանքեր՝ եղած կապերը զարգացնելու համար: Ան դրական նկատեց Աւստրալիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Արցախի խնդրին վերաբերեալ, ընդգծելով Նոր Հարաւային Կալես նահանգին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: «Յոյս ունեմ, որ կը գայ արդարութեան օրը, եւ Աւստրալիան ամբողջութեամբ կը ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը», ըսաւ փոխնախագահը, անդրադառնալով նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթացին:
Սաղաթէլեան հաստատեց, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եւ որ այդ հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրին մէջ:
Ֆիթսկիպըն եւս կարեւոր նկատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով միջազգային հանրութեան ջանքերու համատեղումը՝ հետագային նման գործողութիւններ կանխելու համար:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-աւստրալական կապերու հետագայ զարգացման, նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: