ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու Բիւրոյի Կովկասի հարցերու գրասենեակի ղեկավար Լաուրա Հոքլայի համանախագահութեամբ, 7 Մարտին գումարուեցաւ Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան առցանց խորհրդակցութիւններու բազմաոլորտ համագործակցութեան վերաբերեալ հերթական նիստը:
Պարոյր Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն ուղղութեամբ Հայաստանին շարունակական աջակցութիւն տրամադրելուն համար, կարեւոր նկատելով ռազմավարական բարեփոխումներու եւ ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու խթանման շուրջ հայ-ամերիկեան համագործակցութիւնը:
Հայկական կողմէ խօսք առին Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու, տնտեսութեան եւ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւններու, Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանը:
Ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարարութեան շարք մը գրասենեակներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի, Միջազգային զարգացման գործակալութեան, Առեւտուրի բաժանմունքի ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
Լաուրա Հոքլան նիստին ընթացքին ներկայացուց հայ-ամերիկեան երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները եւ նշեց հետագայ համագործակցութեան ուղիներու կարեւորութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան փոխտնօրէնի տեղակալ Մարք Սիմաքովսքի ներկայացուց իրենց կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեց համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ տնտեսական, ուժանիւթի եւ բարձր արհեստագիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան եւ անոնց զարգացման հեռանկարին:
Ամփոփելով նիստը՝ հայկական եւ ամերիկեան կողմերու պաշտօնեաները վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համագործակցութիւնը տնտեսական, ուժանիւթի եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ եւ կարեւոր նկատեցին նման ձեւաչափով քննարկումները՝ ընդգծելով անոնց արդիւնաւէտութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէ: