Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Տխուր օրեր կ՛ապրի հայկական աշխարհը` Հայաստան-Արցախէն մինչեւ արտերկրի մօտակայ եւ հեռաւոր օճախներ: Տխուր է նաեւ աշխարհի ընդհանուր պատկերը` Եւրոպայէն մինչեւ հեռաւոր ցամաքամասեր ու երկիրներ:
«Ազդակ» օրաթերթը, որ այսօր կը բոլորէ իր 95րդ տարին, ծափով ու թմբուկով չի դիմաւորեր այս տարեդարձը, որովհետեւ ան եղած է եւ կը մնայ հայ իրականութեան հարազատ հայելին: Եթէ տխուր է մեր հաւաքական կեանքը, տխուր է նաեւ «Ազդակ»ը:
Հազար ու մէկ բան կարելի է արձանագրել այս տարեդարձին առիթով, բազմաթիւ սիւնակներ «մրոտել», թէ ինչպէ՛ս կերտուած է մամուլի այս բազուկին կեանքը, ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ գործած է անխափան` մնալով պատնէշի վրայ, սակայն ինչո՞ւ երկարել խօսքը, երբ մեր այսօրուան դառն իրականութեան բոլոր ծալքերը ծանօթ են բոլորիս, իւրաքանչիւր արեւածագ կը բերէ նոր անակնկալ մը` նախորդը մոռացութեան չտանող, այլ` բլուրները լեռնացնող արհաւիրքներ…
Եկէ՛ք, բաւականանանք միայն Լիբանանի ա՛յն տարապայման կացութիւններով, որոնց մէջ կը շարունակէ բանիլ «Ազդակ»ի մամուլը, կը գործեն զայն թաւալման հեւքի մէջ պահողները` խմբագիրներ, աշխատակիցներ ու տպարանի աշխատաւորներ, գրասենեակի անձնակազմ, անոնց սատար կանգնողներու բանակը, ընթերցող ու ծանուցող, նաեւ` զօրակից բարերարներ, որոնք սահմանափակուած չեն Լիբանանով:
Փաստօրէն, ու մասնաւորաբար վերջին երկու-երեք տարիներուն, Դաշնակցական մամուլի այս բազուկը կը գործէ ահաւոր հոսանքներու, յորձանուտներո՛ւ դէմ նաւարկողի կամքով եւ անզիջողութեամբ: Բնականաբար ի մտի ունինք անմիջականօրէն Լիբանանը, որ անցաւ ներքին եւ արտաքին հարկադրանքներու ծնունդ կառավարական տագնապներէ, ճաշակեց այդ անդաստաններուն մէջ «ծաղկող» ծառերուն պտուղները, որոնցմէ ո՛չ մէկը քաղցրահամ է: Վարչապետներ յաջորդեցին իրարու, կամ կրկնեցին իրենք զիրենք, վրայ հասաւ ու կը շարունակուի համաճարակը, եղաւ նաւահանգիստին պատմական պայթումն ու անկէ տարածուած աղէտը, եւ այս բոլորին ընկերացաւ «տնտեսական անկումը», ընդվզումի ու ցասման իրական ու դրդեալ շարժումները (չենք ուզեր մտնել անոնց ծալքերուն մանրամասնութիւններուն մէջ), եւ ահա սարսափելի փլուզումի հասաւ լիբանանեան դրամանիշը, տագնապ, որ խեղդամահ ըլլալու մատնեց սահմանափակ եկամուտով զանգուածը եւ հաստատութիւններ:
Այս ու յարակից ճնշումներ ուղղակի եւ անուղղակի հարուած հասցուցին մեր օրաթերթին, որ, ինչպէս նշեցինք սկիզբը, մէկ հայելին է մեր հաւաքական կեանքին: Հազարաւորներու նման` պայթումէն վնաս կրեց խմբագրատունը, անձնակազմէն ինկան վիրաւորներ, իսկ տնտեսական-ընկերային սեղմուող չուանը գերի բռնեց նա՛եւ թերթը: Ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, «Ազդակ»ի ընտանիքն ալ երանի՜ տուաւ անապահովութեան եւ տնտեսական անկումի այն փուլերուն, որոնք աւելի քան 30 տարի առաջ նմանօրինակ ճնշումներու տակ առած էին զինք ու ամբողջ երկիրը:
Նման պայմաններու մէջ թերեւս հասկացողութեամբ պիտի ընկալուէր, եթէ թերթին հրատարակութիւնը ընկրկումներ արձանագրէր, օրինակի համար, օրաթերթը դառնար երկօրեայ կամ եռօրեայ, էջերուն ծաւալը կրճատուէր, մինչեւ իսկ նախընտրէր առժամաբար վերածուիլ լոկ առցանց հրատարակութեան մը (չէ՞ որ օր մը թերթը հարկադրաբար փոքր նուազումի մատնած էր իր էջերուն թիւը): Նման նահանջ տեղի չունեցաւ, այլ թերթը շարունակեց եւ կը շարունակէ իր ընթերցողներուն հասնիլ բնական կշռոյթով` շնորհիւ խմբագրական կազմին, աշխատակիցներուն, անձնակազմին եւ ամէն առաւօտ անոնց հեւքոտ աշխատանքին արգասիքը սպասող ընթերցողներուն, Լիբանանի մէջ թէ աշխարհով մէկ:
Ինչպէս անցեալի բնական եւ տարապայման փուլերուն, այս փուլին ալ «Ազդակ»ը կը մնայ հայուն կողմէ ամէնէն շատ սպասուող եւ ընթերցուող թերթը: Ընթերցողը անոր էջերուն կը տեսնէ լիբանանեան ու հայկական, ինչպէս նաեւ միջազգային իրադարձութեանց, նա՛եւ գոհունակութիւն տարածող ձեռնարկներու եւ նախաձեռնութիւններուն արձագանգները, որովհետեւ, կրկնենք, «Ազդակ»ը հայելին է հայկական աշխարհին, ճիգ կ՛ընէ քայլ պահելու նաեւ աշխարհի իրադարձութիւններուն հետ, առանց անտեսելու հաճելի այլազանութիւնները` գիտական աշխարհը, կիներն ու մանուկները, պատանիները…
Անթերի՞ է արդիւնքը: Պատասխանը կը դառնայ երկրորդական, որովհետեւ ծանօթ պայմաններուն մէջ թերթին հրատարակութիւնը անխափան եւ բովանդակալից պահպանելը ինքնին համազօր է սխրանքի: Իսկ մեր ժողովուրդը իր կեանքի պայծառ ու ճնշիչ փուլերը, պատմութի՛ւնն իսկ, կերտած է սխրանքներու իրականացման կամքով:
95ամեակի այս հանգրուանին կը մնայ, որ բոլոր ընթերցողներուն ձայնակցինք` մաղթելով, որ «Ազդակ»ը նո՛յն վճռակամութեամբ շարունակէ երթը, ազատագրուի իր կեանքը տառապանքի վերածող ապահովութեան, տնտեսական եւ հայրենական բոլոր պատուհասներէն, եւ իր հայելիի հանգամանքով` բարօրութիւն ցոլացնէ նաեւ Լիբանանի, հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքին:
Մարտ 5, 2022
Aztag Daily is listed first among Lebanese famous printed papers.
Haig Balian became owner, turning Armenian Instructor, Turkish
speaking (Forcefully) migrants, even printing daily 4 pages “partial”
continued several books, among them 5 books Count of Monte Cristo
by Alexander Dumas; turning A.R.F. organ, became Nationalism
advocate, “Until The day Armenia become free again” ; last 31
years Armenia became “Free” Republic Continuation of 2nd = Bolshevik
postponing 1st Republic continuation as Georgia and Azerbaijan did.
Wishing longer life until Aztag celebrates Armenia Turning 1st
Republic continuation, ALL CONSPIRING, TRAITOR VASSALS PUNISHED,
CONSPIRING FOR VANISHING FROM MAP, TURNING PART OF TURKEY….
THAN TRANSFER TO OTHER REAL INSTIGATOR.!!!!