ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երրորդ օրն ըլլալով, ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խախտել սահմանային զինադադարը եւ կրակոցներ արձակել հայկական ուղղութեամբ: Արդարեւ, 10 Մարտին, Ասկերանի Խրամորթ շրջանին մէջ, առաւօտեան դարձեալ ականանետի արկեր պայթեցան եւ անոնց պատճառով վիրաւորուեցաւ Խրամորթի բնակիչ Սուրէն Բաղրեան: Ան շուտով փոխադրուեցաւ Արցախի հանրապետական հիւանդանոց, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: 51ամեայ խրամորթցին կը պատմէ, որ առաւօտեան բակը կ՛աշխատէր. քանի մը ժամ ատրպէյճանցիները լռած էին. առաւօտեան, գիւղին ուղղութեամբ արձակուած առաջին արկի բեկորը իրեն հասցէագրած էր։ «Աշխատանքի տեղն եմ եղել, երեւի ժամի 9:30ին, շարժման մէջ եմ եղել», նշեց ան:
9 Մարտէն 10 Մարտ լուսցող ամբողջ գիշերը եւս միայն Խրամորթի ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը ականանետի 23 արկեր արձակեց. տղամարդիկ այլ գիւղ փոխադրեցին ռմբակոծումի ենթակայ գիւղի մանուկները եւ կիներուն մեծ մասը:.
«Գիշերը ուսուցիչներով, բոլորով կազմակերպուած իրար զանգեցին ու ասացինք, որ երեխաներին գիւղից հանում ենք, որովհետեւ ներքեւում շարժ ենք նկատել, արդէն թուրքերի խփած գնդակները շատ մօտ են, տների տանիքներին էին ընկնում բեկորները, դրա համար էլ իրար նայելով, բոլորս իրար զգուշացնելով երեխաներին վերցրինք ու դուրս եկանք գիւղից, բայց տղամարդիկ վերադարձան, այս պահին էլ գիւղում են: Որքան հնարաւոր լինի, պիտի պահենք էլի, գիւղը չտանք», ըսաւ խրամորթցի Յասմիկ Անդրեան:
Գիւղի դպրոցը եւ մանկապարտէզը փակ մնացին 10 Մարտին: «Ուսուցիչները՝ երկու տղամարդ, մի կին դպրոցում են, մինչեւ այս պահն էլ դպրոցում են, բայց դպրոց ուրիշ ոչ մէկը չի գնացել», նշեցին դպրոցի պատասխանատուները:
Խրամորթցիները յատկապէս տագնապի մատնուեցան այն պատճառով, որ գիշերը ատրպէյճանական կողմը իրենց մօտեցուցած են զինուորական սարքաւորումներ: «Երկու տեխնիկա է մօտիկացել ու հիմա գտնւում է նոյն տեղում», նշեց Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար Համլետ Ապրեսեան՝ աւելցնելով, որ 10 Մարտին ռուս խաղաղապահները Խրամորթի մէջ յենակէտ տեղադրեցին՝ մնայուն տեղակայման համար:

Խրամորթցիները շաբաթներէ ի վեր կ՛ահազանգեն՝ իրենք ամէնօրեայ վտանգի մէջ են, անհրաժեշտ է, որ խաղաղապահները ոչ թէ միջադէպերէն ետք գան գիւղը, այլ պարզապէս չհեռանան:
Մանուկներ ունեցող խրամորթցիները առայժմ չեն շտապեր գիւղ վերադառնալ. հոն կան տղամարդիկ եւ քանի մը կիներ:
«Ինչո՞ւ մենք չենք կրակում», զարմանք յայտնեց 87ամեայ խրամորթցի Ռոմա Առաքելեան, իսկ պաշտօնական Պաքուն պարբերաբար եւ 10 Մարտին եւս հայկական կողմը կը մեղադրէ զինադադարի դրութիւնը խախտելուն համար:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարութիւններ հրապարակեցին՝ դիտել տալով, որ Արցախի սահմանային շարք մը համայնքներ 10 Մարտին անհանգիստ էին: «Հրադադարի խախտման թշնամական գործողութիւնների թիրախ է ընտրուած խաղաղ բնակչութիւնը՝ նպատակ ունենալով առաջացնել խուճապ: Սադրանքների հետագայ զարգացումները կասեցնելու նպատակով Անվտանգութեան խորհրդի գրասենեակը համագործակցում է Արցախում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ: Ձեռնարկւում են անյետաձգելի միջոցներ՝ հակառակորդին ստիպելու հաւատարիմ մնալ կրակի դադարեցման պայմանաւորուածութիւններին», կ՛ըսուի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:
Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը յայտարարութեան մէջ նաեւ հերքեց ատրպէյճանական հարթակներուն վրայ տարածուող տեղեկութիւնները, թէ ռուս խաղաղապահ զօրակազմը ուժերուն մէկ մասը կը հեռացնէ Արցախէն՝ զանոնք Ուքրանիա տեղափոխելու նպատակով: «Յորդորում ենք բնակչութեանը՝ զերծ մնալ խուճապային տրամադրութիւններից: Իրավիճակը լիարժէք վերահսկւում է Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի կողմից», կը յայտնէ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդը:
Այս մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ դիտել տալով. «Կասկածից վեր է, որ թէ՛ գազատարի վնասումն ու վերանորոգման աշխատանքների ձգձգումները, թէ՛ վերջին օրերին Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ցուցաբերած ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) վարքագիծը ունեն աշխարհաքաղաքական ենթատեքստ»՝ պնդելով, թէ Ատրպէյճան կը փորձէ օգտուիլ Ուքրանիոյ իրավիճակէն ու միջազգային դերակատարներու զբաղած ըլլալէն:
Ըստ անոր՝ պաշտօնական Պաքուն ակնյայտ սադրանքներու կը դիմէ՝ նպատակ ունենալով «հոգեբանական ահաբեկման ենթարկել Արցախի խաղաղ բնակչութեանն ու այդ կերպ հայաթափել Արցախը»: Ան հաստատեց, որ Արցախի իշխանութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ աշխատանքներ կը տանին՝ կանխելու ապահովութեան ու մարդասիրական հարցերու յառաջացումը եւ ուղղելու ստեղծուած իրավիճակը:
Նիկոլ Փաշինեան այս գծով մտահոգութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ ունեցած ոչ-պաշտօնական հանդիպումին: Փաշինեան անթոյլատրելի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն շարունակուող սադրիչ գործողութիւնները: