ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 12 Մարտին, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը, որ, ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, տեւեց 30 վայրկեան եւ նկատուեցաւ կառուցողական ու չափազանց արդիւնաւէտ:
Ըստ թրքական պետական լրատու գործակալութեան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Երեւան ջանքեր պիտի գործադրէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: «Երեւանը վճռական է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու հարցին մէջ», ըսաւ Միրզոյեան:
Չաւուշօղլու իր կարգին աւելցուց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կատարուող քայլերէն գոհ է նաեւ Ատրպէյճան:
«Սփութնիք Արմէնիա»ն կը հաղորդէ, որ Միրզոյեան Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ ինք եւ Չաւուշօղլու վերահաստատեցին երկու կողմերու առանց որեւէ նախապայմանի յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով բնականոնացման հոլովոյթը շարունակելու պատրաստակամութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները պիտի աշխատին այդ ուղղութեամբ՝ յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային դրական արդիւնքները տեսանելի պիտի ըլլան:
«Կարծում եմ՝ հրաւէրը բաւականին դրական ուղերձ էր, եւ անհրաժեշտ եմ համարել նոյն դրական կերպով արձագանգել այդ ուղերձին: Ուրախ եմ տեսնել, որ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, բոլոր պետութիւնները փորձում են կառուցել խաղաղութիւն եւ կայունութիւն մեր տարածաշրջանում: Եւ ուզում եմ ասել, որ Հայաստանի կողմից այդ պատրաստակամութիւնը՝ ունենալ խաղաղ եւ կայուն տարածաշրջան, կայ», հաստատեց Միրզոյեան:
Ըստ «Ազատութիւն» կայանին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըճի հետ, որ նաեւ մասնակցեցաւ նախարարներու հանդիպումին:
Միրզոյեանի հետ հանդիպումին ներկայ եղաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան:
During Armenian teaching lessons, Garo Sassouni use to describe
“fedayee fighters 1894-1908 episodes”. Once he mentioned , NOT
FORGET : “Ankara cat falls always on his 4 feet”. This warning alive
today, must be taken very SERIOUSLY, to not fall into TRAP by
ARMENOCIDE- GENOCIDE SMILER, TURNING BLACK SCORPION or
GREY WOLFE, WAITING “RIGHT MOMENT”, LIKE TODAY UKRAINE WAR,
PLANING NEW INVASION FROM NAKHICHEVAN( WHO WAS SUPPOSED
TO BE RETURNED AFTER 100 YEARS AZERBAIJAN RULE, SIGNED &
SEALED) AND FROM EAST; THIS RETURN HAS NOTHING TO DO WITH
TURKEY, IT HAS TO BE DONE BEFORE ANY TREATY : NO DEAL WITHOUT
THIS RETURN FIRST!!!.