ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ զանազան փոքրամասնութիւններու, կրօնական եւ քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ նամակով մը դիմեցին նախագահ Ճօ Պայտընին՝ կոչ ընելով անոր, որ անմիջապէս կասեցնէ Ատրպէյճանի բռնապետական եւ քարիւղով հարուստ վարչակարգին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ ամերիկացիներէն գանձուած տուրքերը պէտք չէ յատկացուին աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներով ծանօթ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, նամակին տակ ստորագրած են հետեւեալ կազմակերպութիւնները՝ American Friends of Kurdistan, Assyrian Policy Institute, Christian Solidarity International, Code Pink, Coptic Solidarity, Hellenic American Leadership Council, Hindu American Foundation, In Defense of Christians, Israeli-American Civic Action Network, Jewish World Watch, National Council of Churches եւ Women for Weapons Trade Transparency.
Նամակը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։