ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց ՄԱԿին` Ատրպէյճանի անդամակցութեան 30ամեակին նուիրուած միջոցառումը Շուշիի մէջ կազմակերպելու` Պաքուի որոշումը:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը յայտնէ, որ ասիկա Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է, որ ուղղուած է Արցախի նկատմամբ իր յարձակողականութեան արդիւնքներու օրինականացման` փորձելով այդ գործընթացին մէջ ներգրաւել եւ օգտագործել նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ զանազան կառոյցներ:
«ՄԱԿի ներկայացուցիչների մասնակցութիւնը Ադրբեջանի ագրեսիայի եւ հայատեացութեան գլխաւոր թիրախներից մէկը հանդիսացող բնակավայրում կազմակերպուող միջոցառմանը հակասում է միջազգային այս կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներին, գաղափարախօսութեանն ու առաքելութեանը եւ, անկասկած, օգտագործուելու է Ադրբեջանի կողմից իր մարդատեաց եւ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) քաղաքականութեան լեգիտիմացման (օրինականացման) նպատակով: Սա նաեւ լուրջ հարուած է ՄԱԿի հեղինակութեանը, ինչը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքների արդիւնաւէտութեան վրայ», յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած էր, որ ՄԱԿին` Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը պիտի նշուի «ազատագրուած Շուշիի մէջ, ուր պիտի ծածանի ՄԱԿի դրօշը, եւ նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին ՄԱԿի կառոյցներու պաշտօնական ներկայացուցիչներ»։
Մինչ այդ, 18 Մարտին, ՄԱԿի անդամակցութեան 30ամեակին նուիրուած միջոցառման Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ հայերուն համարկումը Պաքուի հիմնական առաջնահերթութիւններէն է։
«Քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ անոնց (հայերու) իրաւահաւասարութիւնը կը հանդիսանայ գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը», յայտնեց ատրպէյճանցի պաշտօնեան:
31 years Arzakh wars turned from *Signed Victory*, to SUSPICIOUS
MADRID AGREEMENT, followed 2 wars, reaching 44 days, losing
all territories plus -70% of Arzakh. “SCORPION” and other defense
products, READY by inventors Investments, NOT FINDING SUPPORT
& SABOTAGING PRODUCTION, BY BOLSHEVIK REGIME SUPPORTER
GOVERNMENT & OPPOSITION 95% TOTAL REPRESENTATIVE. *NOT
LETTING DEFENSIVE PRODUCTION, TO KEEP ARMY & ARMENIA
VULNERABLE TO BE “VANISHED, DEFENSELESS DURING NEXT WAR*
ONLY DIASPORA INVESTMENT “SUPERVISED” PRODUCTION, COULD
CHANGE RAPID “FALL PROCESS”: “NO CONDITIONAL TALKS”, NEWS
CIRCULATING, 5 CONDITIONS HAS BEEN SIGNED SECRETLY, HIGHLY
*ENDANGERING ARMENIA EXISTENCE, TO BE MELT EASILY IN FRONT
OF OUR EYES*. “RUSSIA WILL SAVE US” IS A BIG FALSE MIRAGE: LIKE
BUTCHER HAVING KNIFE ON HAND, READY WITH ARMENOCIDE
GENOCIDAL ALLIES TO CUT ARMENIA THROAT, “WHEN THE TIME IS
RIGHT: ERDOGAN”. PROVIDED, SOME FAVORABLE ECONOMIC
INTERESTS PREVENT ALL BUTCHERS MOVE, SAVING ARMENIA TO FALL.