ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայրենակցական հասարակական կազմակերպութիւններու միաբանութիւն» միութիւնը Սեպտեմբեր 25ին հրաւիրուած հիմնադիր համագումարի ընթացքին պատուաւոր նախագահ ընտրեց «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութեան նախագահ, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը, իսկ միութեան նախագահ ընտրուեցաւ «Յանուն Գուգարաց» հայրենակցական միութեան նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Վահրամ Բաղդասարեանը: Յիշեցնենք, որ առայժմ այս միութեան մէջ միաւորուած են 27 հայրենակցական միութիւններ:
Ըստ Հայրենակցական հասարակական կազմակերպութիւններու միաբանութիւն միութեան պատուաւոր նախագահ Աղուան Յովսէփեանին՝ այս կառոյցը ունի քանի մը առանձնայատկութիւններ՝ կամաւորութեան սկզբունքը, կառոյցը բաց է բոլոր հայրենակցական կազմակերպութիւններուն համար եւ ունի թափանցիկ, հրապարակային գործունէութիւն: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ կը կարողանան արդարացնել իրենց առջեւ դրուած նպատակները եւ ըսաւ, որ այս միութիւնը մտադրութիւն չունի քաղաքականութեամբ զբաղուելու:
Վ. Բաղդասարեանը իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ յառաջիկային միութեան կ’աջակցին նաեւ Սփիւռքի հայրենակցական միութիւնները եւ, խօսելով միութեան աշխատանքային դաշտի մասին, անոնցմէ նշեց Եղեռնի միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը, Հայ Դատի եւ հայկական հիմնահարցի վերջնական եւ արդարացի լուծումը՝ ԼՂՀ միջազգային ճանաչումը, Շահումեան-Գետաշէնի, Գարդմանի, Նախիջեւանի, Չաւախքի եւ հայկական միւս մասնատուած տարածքներուն հետ առնչուող խնդիրներու լուծումը, լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի եւ ազգային այլ արժէքներու վերականգնումը, վերարժեւորումը եւ այլն: