ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Ըստ Ուքրանիոյ տեղական հայկական կառոյցներու տուեալներուն՝ պատերազմին մեկնարկէն ի վեր զոհուած հայերու թիւը արդէն 11ի հասած է։ Ըստ այդ երկրի հայերու միութեան՝ Խարքովոյի մէջ մահացած է 26ամեայ Արտեոմ Այվազեան, որ կամաւոր օգնութիւն կը հասցնէր քաղաքի կարիքաւորներուն։
Հայերու շրջանակներուն մէջ զոհերէն 8ը քաղաքայիններ են։ «Առաջին զոհը Խերսոն քաղաքում էր, որից արդէն 10-15 օր անցել է։ Զոհեր ունենք Չոնգար քաղաքում, Մարիուպոլ քաղաքում», յայտնեց Ուքրանիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Մկրտչեան:
Ուքրանիոյ հայերուն թիւը մինչեւ պատերազմի սկիզբը մօտ 350 հազար էր, սակայն անոնց մէկ մասը վերջին 3 շաբաթներուն հեռացած է երկրէն։ Ցարդ Հայաստան ժամանած են մօտաւորապէս 4000 Ուքրանիոյ քաղաքացիներ, սակայն յստակ չէ, թէ անոնցմէ քանին հայ են։