ՊԱՔՈՒ, «Էյ․Փի․Էյ․»․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` Ատրպէյճանի ժողովուրդին Նովրուզի տօնին եւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական կապերու 30ամեակին առիթով շնորհաւորելուն համար:
Ալիեւ անդրադարձած է նաեւ շրջանի հարցերուն` գրելով. «Ատրպէյճան՝ իբրեւ խաղաղութեան աջակից, պատրաստ է սկսելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները, որոնք պէտք է հիմնուին միջազգային օրէնքի առանցքային կէտերու` տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու անքակտելիութեան վրայ: Կը յուսամ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցին ապագայի տեսլականի վրայ խարսխուած Ատրպէյճանի խաղաղ օրակարգին»: