ԼՈՆՏՈՆ.- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը հաղորդագրութեամբ մը մտահոգութիւն յայտնեց Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժող օրինագիծին վերաբերեալ, պնդելով, որ այդ օրինագիծը «լուրջ սպառնալիք» մըն է արտայայտուելու ազատութեան:
Կազմակերպութիւնը այս կեցուածքը կը փորձէ արդարացնել զանազանութիւն մը դնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ու հրէական Ողջակիզումը ուրացողներու մասին օրէնքներուն միջեւ եւ կը պնդէ, թէ մինչ հրէական Ողջակիզման մասին օրէնքը կը խօսի ոճիրները ժխտողներու մասին, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին օրէնքը կը շեշտէ, թէ ոճիրները ցեղասպանութիւն չնկատողները պէտք է պատժուին: