ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օփերային թատրոնի առաջատար մեներգիչ եւ բեմադրիչ Տիգրան Լեւոնեանի ծննդեան 70ամեակին նուիրուած էր Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան Հոկտեմբեր 23ին կազմակերպած յոբելենական յուշ-ցերեկոյթը:
Թատերագէտ Հայկազ Երանոսեանի խօսքերով, անուանի արուեստագէտը առաջին անգամ բեմ բարձրացաւ Կաւարատոսիի (Փուչինի, «Ֆլորիա Թոսքա») դերերգով ու հմայեց ծայրայեղ բծախնդիր հայ հանդիսատեսը եւ իր գործընկերները: Այնուհետեւ դերէ դեր բիւրեղացաւ Լեւոնեանի արուեստը, զուլալ դարձաւ եւ ձուլուեցաւ աշխարհի համբաւաւոր երգիչներու համանուագին: Երկար տարիներ ըլլալով օփերային թատրոնի առաջատար մենակատարը, ան մեծ յաջողութեամբ անձնաւորեց ազգային եւ համաշխարհային խաղացանկի լաւագոյն դերերգերը՝ Սարօ, Տիրիթ, Ժորժ, Տէր Պապա, Հերման, Էտկար, Տոն Քարլոս, Օթելլօ եւ այլն:
«Ականաւոր երգիչը օժտուած էր նաեւ դերասանական բացառիկ տաղանդով՝ յուզական ներքին, հաճելի արտաքին, խօսքի յստակ արտաբերում եւ այս բոլորին գումարած զարմանալի աշխատասիրութիւնը», ընդգծեց օրուան բանախօսը:
Լեւոնեան էութեամբ նաեւ նրբամիտ բեմադրիչ էր, որու վկայութիւնն են իր տասէ աւելի բեմադրութիւնները, որոնք նա իրականացուցած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան ազգային օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնին մէջ. «Լեւոնեանի բեմադրութեան հիմքը երաժշտութիւնն է: Նրա ստեղծած բեմական գործողութիւնների եւ բնաւորութիւնների մեկնաբանման ելակէտը դարձեալ երաժշտութիւնն է», ընդգծեց Հ. Երանոսեան:
Այս ոլորտի մէջ արուեստագէտի ստեղծագործական մեծագոյն նուաճումներէն էին Տոնիծեթթիի «Պողիկտոս» եւ Տիգրանեանի «Անուշ» օփերաներու բեմադրութիւնները: