ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- Ուքրանիոյ մէջ արդէն ամիս մը առաջ սկսած ռուսական ներխուժումին ընթացքին, Մոսկուա Ուրբաթ օր միայն երկրորդ անգամ ըլլալով տուեալներ հրապարակեց իր ունեցած զոհերուն մասին:
Ըստ սպայակոյտի մամլոյ սպասարկութեան՝ ցարդ սպաննուած են 1351 ռուս զինուորներ եւ վիրաւորուած 3825 ուրիշներ:
Ուքրանական աղբիւրներ կը պնդեն, թէ ռուսական կողմի իսկական կորուստները քանի մը անգամ աւելի մեծ են, իսկ ըստ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն, ցարդ սպաննուած են 7000էն 15,000 ռուս զինուորներ:
Յատկանշական է, որ Քրեմլինի մօտիկ «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» թերթի կայքը 21 Մարտին հաղորդած էր, թէ ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն, ցարդ սպաննուած են 9861 ռուս զինուորներ, սակայն աւելի ուշ յօդուածին այդ բաժինը «անհետացաւ» կայքէն: