ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 24 Մարտին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ներխուժման ենթարկուած Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը 27 Մարտին անցաւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ. հայկական ուժերը պահպանեցին Քարագլուխի հիմնական մասը: Լուրը հաղորդեց պաշտօնական Ստեփանակերտը՝ շեշտելով, որ ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ բարձունքի մէկ հատուածին մէջ ամրացուած դիրքերուն վրայ:
«Շնորհիւ Արցախի զինուած ուժերի խիզախ ջանքերի՝ հայկական կողմին յաջողուել է կասեցնել ադրբեջանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների առաջխաղացումը եւ պահպանել Քարագլուխ լերան հիմնական մասի հանդէպ տիրապետումը», կ՛ըսուի Արցախի տեղեկատուական շտաբի հաղորդագրութեան մէջ:
27 Մարտի ուշ երեկոյեան, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ բանակցութիւններու շնորհիւ ատրպէյճանական կողմը ետ քաշած է իր ստորաբաժանումները Արցախի Փառուխ գիւղէն:
28 Մարտի կէսօրին այս յայտարարութեան արձագանգեց պաշտօնական Երեւանը: Արդարեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ առաւօտեան ժամը 9ի դրութեամբ Ատրպէյճանի զինուժի յենակէտները տակաւին Ռուսիոյ խաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ են:
Գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները յստակ գնահատական տուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադրութեան վերջին սրման՝ փաստելով, որ անիկա արդիւնք է ատրպէյճանական զօրքերու շարժին, իսկ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը բանակային ստորաբաժանումները հեռացնելու կոչ ուղղեց ատրպէյճանական կողմին:
«Ստիպուած ենք արձանագրել, որ ադրբեջանական ստորաբաժանումների ներխուժումը Լեռնային Ղարաբաղում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտի շարունակւում է, ինչը արտայայտուած է կից ներկայացուած քարտէզներում: Ակնկալում ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը յստակ միջոցներ կը ձեռնարկի ադրբեջանական ստորաբաժանումների ներխուժումը խաղաղապահների պատասխանատուութեան գօտի դադարեցնելու եւ Ադրբեջանի զինուած ուժերը դուրս բերելու համար: Կարեւոր ենք համարում, որ ադրբեջանական ստորաբաժանումների ներխուժման այս ողջ ընթացքում խաղաղապահ զօրախմբի գործողութիւնների պատշաճ քննութիւն տեղի ունենայ եւ տրուեն մի շարք հարցերի պատասխաններ», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

Դէպքին արձագանգեց նաեւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ յայտնեց, թէ ատրպէյճանական զինուժի՝ Արցախ ներխուժման պատճառով առաւել քան 400 բնակիչներ տուժեցին, անոնց մեծ մասը այսօր տեղահանուած է: Ան նշեց, որ ատրպէյճանական կողմին քայլերը Արցախը հայաթափելու նպատակ կը հետապնդեն: Տեղահանուածներուն մեծ մասը ինքնին Փառուխի կից գտնուող Խրամորթէն են։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան սահմանային իրադարձութիւններուն վերաբերող լուծումներ գտնելու միտող հանդիպումներ ունեցաւ։ Ան ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Ռուսիոյ համանախագահ Իկոր Խովաեւին ներկայացուց Ատրպէյճանի ներխուժման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախ դարձնելու եւ ցեղային զտման վերաբերող ատրպէյճանական կողմի այլ գործողութիւններուն՝ ընդգծուեցաւ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն՝ 23 Մարտի ելման դիրքեր վերադարձի անհրաժեշտութիւնը:
Նախարար Միրզոյեան ներկայացուց հայկական կողմին դիրքորոշումը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ: Վերահաստատուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ամբողջական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:
Բանակցութիւններուն վերաբերեալ հայկական կողմին առաջարկներուն չարձագանգեց Մինսքի խումբը:
Միրզոյեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած վիճակը քննարկեց նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն հետ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան՝ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Գոփիրքինի հետ հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան կարեւոր նկատեց Ատրպէյճանի ներխուժման՝ Ռուսոյ համապատասխան գերատեսչութիւններուն տուած գնահատականը: Նախարարը ընդգծեց ռուս խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ յստակ միջոցներու ձեռնարկումը՝ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտի ներխուժումը դադրեցնելու եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը դուրս բերելու համար:
Միրզոյեան Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին անթոյլատրելի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ շարունակական սադրանքները եւ յարձակողական գործողութիւնները:
Դեսպաններուն հետ հանդիպումներուն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը դիտաւորեալ կերպով խափանելու պատճառաւ ստեղծուած իրավիճակին:
Միրզոյեան կարեւոր նկատեց ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան պատշաճ եւ հասցէական արձագանգը՝ «ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքից ադրբեջանական զինուժի դուրսբերմանը եւ իրավիճակի դէէսկալացիային (ապամագլցումի)»:
Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան այս առնչութեամբ յայտնեց, որ պէտք է քննարկել ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործառոյթներու եւ կառուցակազմերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները, որպէսզի «նրանք ունենան բոլոր անհրաժեշտ լծակները (այդ թւում՝ ռազմական) արդիւնաւէտօրէն երաշխաւորելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը»:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին արձագանգեց Ատրպէյճանի վերջին օրերու դատապարտելի վարքագիծին: «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գած է Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միհրան Մկրտչեան:
Ան տեղադրեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր» գրառումը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Յունաստան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին զինեալ միջադէպերուն եւ զօրամասերու յառաջխաղացքին վերաբերեալ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ դադրեցնելու այդ գործողութիւնները, ստորաբաժանումները ետ քաշելու իրենց ելման դիրքերը եւ յարգելու 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարի համաձայնագիրը»: