
ՍԷՐԱ ԱՅՆԹԷՊԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 20 Յունուար 2002ին, Զալքա, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ դստեր, թոռնուհիին, եղբօր դստեր, քրոջ դստեր, զարմուհիին եւ հարազատին՝ Սէրա Այնթէպլեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 24 Մարտ 2022ին, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2022ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 2215 E. Colorado St., Pasadena, CA 91107, ապա թաղումը՝ կէսօրէն առաջ ժամը 11։30ին, Live Oak Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 200 E. Duarte Rd., Monrovia, CA 91016։
Սգակիրներ՝
Ծնողքը՝ Ժանօ եւ Ճէնի Այնթէպլեան
Մեծ մայրը՝ Մանիշակ Եսայեան
Հօրաքոյրը՝ Անի եւ Ալէքս Գոստաքեան (Գանատա)
Մօրաքոյրը՝ Ալին եւ Առաքել Օհաննէսեան եւ դուստրերը՝ Սինթիա եւ Սելին (Լիբանան)
Մօրեղբայրը՝ Վիգէն Եսայեան եւ դուստրը՝ Ռօզառիթա (Լիբանան)
Մօրեղբայրը՝ Ռօժէ եւ Թալին Եսայեան եւ դուստրը՝ Ռուպի (Լիբանան)
Եւ համայն հարազատները, ընկերներն ու բարեկամները