ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեանքին դժուար ըլլալը նորութիւն մը չէ: Որեւէ մէկուն հետ քանի մը վայրկեանի զրոյցը բաւարար պիտի ըլլայ, որ քիչ թէ շատ պատմէ իր կեանքի դժուարութիւններուն մասին: Ոմանք ժխտականութեան թեքում ունենալով՝ ամէն ինչ տժգոյն կը տեսնեն: Մեր ակնարկը հոգեկան նման իրավիճակներու մասին չէ՛, որոնք մարդը շատ աւելի դժուար կացութեանց կը մատնեն եւ օրէ օր կը հիւծեն: Մեր զրոյցը սովորական կեանքով ապրող ու բնական հոգերով ծանրաբեռն մարդոց հետ եթէ ըլլայ, անոնք նախ պիտի փորձեն մեզ համոզել, որ ամէն ինչ լաւ է: Սակայն, քիչ ետք ինքնաբուխ կերպով անոնք պիտի «բացուին» կամ «քակուին», ինչպէս խօսակցական լեզուի մէջ կը սիրենք ըսել, ու պիտի խօսին իրենց դժուարութիւններուն մասին:
Հետաքրքրական է, որ մարդիկ միշտ կը սիրեն աւելի մեծ հաւաքականութեան հարցերէն սկսիլ իրենց քննարկումը, հասնելու համար անձնականին, իրենց սեփական խնդիրներուն: Այսպէս, մեր հարցումին պատասխանելով, անոնք նախ կ՛անդրադառնան ներկայիս աշխարհը յուզող հարցերուն, հիւանդութիւններուն, համավարակի տեսակներուն, անգործութեան, անոր հետեւանք` տնտեսական ծանր պայմաններուն, պատերազմական անհաճոյ կացութիւններուն, որոնց հետեւանքով սփռուած մահահոտ լուրերուն, եւ այլ դժուարութիւններու: Այս բոլորէն ետք, ոմանք գոհաբանական բացառիկ զգացումով փառք կու տան Աստուծոյ, որ տակաւին կը շարունակեն ապրիլ եւ մանաւանդ ապրեցնել իրենցմէ կախեալ անձերը` ծնողներ, զաւակներ եւ հարազատներ:
Նկատեցի՞ք, որ մարդիկ շատ չեն սիրեր խօսիլ իրենց անձնական խնդիրներուն մասին, որովհետեւ ամէն մարդ զանոնք իր բացարձակ սեփականութիւնը կը համարէ, երբեմն կ՛ամչնայ անոնց մասին արտայայտուելու եւ երբեմն ալ տկարութիւն կը համարէ անոնց բացայայտումը կամ սփռումը ուրիշներու դիմաց: Ինչո՞ւ ուրիշներ, մանաւանդ պատահական անձեր իմանան, թէ իրենք նման դժուարութիւն մը ունին, կամ այս ժամանակաշրջանին նման հարցի մը դիմաց կանգնած են:
Հոգեբաններու օժանդակութեան դիմողներ այնքան վստահութիւն կ՛ունենան անոնց վրայ, որ յաճախ ամէն ինչ կը պատմեն մասնագէտին, իսկ հոգեբանը սովորական խրատներով կը ճամբէ զանոնք, պարզապէս միտքի ժամանակաւոր հանգիստ պարգեւելով իր հիւանդներուն:
Լսուած խօսք է` «իւրաքանչիւր քարի տակ ցաւ մը կայ», որ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր մարդու սիրտին մէջ ծրարուած խնդիր մը կայ: Ոմանք իրենց խնդիրները երկար տարիներ կը կրեն իրենց կուրծքին տակ, ամբողջութեամբ լուռ մնալով կամ գաղտնի պահելով զանոնք: Ուրիշներ կը բաժնեկցին իրենց խնդիրը մտերիմներու հետ, որոնք վշտակցելով կը հանդարտեցնեն իրենց ընկերը, մխիթարական քաղցր խօսքերով ամոքելով անոնց վիրաւոր հոգին: Պատահած է նաեւ, որ շատեր չդիմանան այդ տանջանքին եւ «բաց աչքերով» հեռանան այս կեանքէն:
Մարդկային կեանքը շա՜տ փորձառութիւն ունի այս առումով, երբ անթիւ ու անհամար սիրային արկածներ, անհաւատարմութիւններ, աւազակութիւններ, խոստման դրժումներ եւ ապերախտութիւններ տեղ գտած են մարդոց միջեւ: Ուժեղ նկարագիրով մարդիկ տոկացած են մինչեւ խոր ծերութիւն, նոյնիսկ երբ երկրորդ կողմը մահով հեռացած է այս աշխարհէն, սակայն ուրիշներ երբեմն ծայրայեղ միջոցի դիմելով, իրենք վերջ տուած են իրենց սեփական կեանքին, «փրկուելու» համար տհաճ կացութենէն եւ այն կեանքէն, որ այլեւս «իմաստ չունի» իրենց համար: Անշուշտ ամէնէն անիմաստ ու անհաշիւ քայլն է ասիկա մարդ էակի մը համար…: Անձնասպանութիւնը ամէնէն մեծ տկարութիւնն է, որ կրնայ կիրարկել անձ մը: Ընդհակառակը, այս կեանքին պայքար ըլլալուն փաստը ցոյց պիտի տայ մարդ, պարտութեան մատնելով կեանքի դժուարութիւնները:
Մարդիկ եթէ կը կարծեն, որ հարուստներ կամ արքայական կեանքով ապրող անձեր դժուարութիւններ չունին, չարաչար կը սխալին: Ամէն տարիքի, ամէն պաշտօնի, ընկերային ամէն դասակարգի տէր մարդիկ ունին իրենց յատուկ դժուարութիւնները, որոնք իրօք խնդիրներ են վերոյիշեալներէն իւրաքանչիւրին համար: Պարզապէս մե՛նք տեղեակ չենք ըլլար եւ կը կարծենք, որ անոնք յարատեւ երջանկութեամբ կ՛ապրին իրենց օրերը: Նոյնը չէ՞ պարագան այն մարդոց, որոնք միշտ ժպտադէմ ու գոհունակ սիրտով կը ներկայանան աշխարհին, սակայն իրենց իրական կեանքին մէջ մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը կանգնին: Երբեմն ժպիտի մը ետին որքա՜ն խոր թախիծ կ՛ըլլայ թաքնուած: Ուրեմն համոզուինք, որ ամբողջական երջանկութիւն չկայ մարդկային կեանքին մէջ:
Մարդ միշտ կը ձգտի աւելի լաւին: Շատ քաջալերական եւ յառաջդիմական առումով գնահատելի ձգտում է այս: Սակայն եթէ բաւարար է այն, ինչը ունիս, ձգտումդ ժամանակի վատնում եւ ուժի անիմաստ սպառում պիտի ըլլայ միայն: Նման պարագաներու, ինքնազսպման համար պէտք է փորձես մտածել անոնց մասին, որոնք քու այսօրուան ունեցածը չունին եւ անոր կը ձգտին:
Կեանքի պայքարէն յաղթական դուրս գալու երկու միջոց կայ. ա) նուաճել որեւէ դժուարութիւն եւ յաղթանակի դրօշ պարզած՝ կանգնիլ անոր վրայ, բ) ընդունիլ տուեալ դժուարութիւնը եւ հաշտուիլ իրողութեան հետ:
Առաջին կէտը բոլորին համար յստակ է, որովհետեւ նման պարագայի այնքան կը յոխորտայ ենթական, որ բոլորը կ՛իմանան անոր տարած յաղթանակի նոյնիսկ ամէնէն յետին մանրամասնութիւնները: Բերնէ բերան տարածուած լուրը այնքան կը ճոխացուի, որ իր կեանքի երբեմն սովորական մէկ դժուարութիւնը լուծած ենթական կը դառնայ հերոս կամ ասպետ, որուն երկկողմանի սրութեամբ թուրը կը կտրէ նոյնիսկ ամէնէն անլոյծ մալուխները:
Երկրորդ կէտը ոմանց համար երկիմաստ է, այսինքն երեւակայական կամ բարոյական յաղթանակին հետ միախառնուած պարտուողական քաղաքականութիւն մը ունի իր մէջ: Սակայն, դժուար կացութեան մը հետ հաշտուիլը միայն պարտուողական զգացողութիւն պէտք չէ առթէ, այլեւ ներքին զօրութեան զգացում հաղորդէ: Օրինակ, մահը որ անխուսափելի է հասարակաց մահկանացուներուս համար, այսօր թէ վաղը պիտի հասնի մեր շրջապատին մէջ գտնուողներուն: Որքան շուտ հաշտուինք մեզմէ առյաւէտ բաժնուող հարազատներու ֆիզիքական բացակայութեան հետ, այնքան աւելի շուտ յաղթած կ՛ըլլանք մեր կեանքի ա՛յս տեսակի պայքարին մէջ: Մահէն բացի կան այլ պարագաներ եւս, որոնք մեր մարդկային ուժերէն վեր են, եւ անոնց հետ շուտով հաշտուիլը մեր ներքին կորովը պիտի բարացուցէ:
Անլուծելի բազմաթի՜ւ խնդիրներ ունի մեզմէ իւրաքանչիւրը: Ամէն օր անոնց հոգը բարձելը պիտի տկարացնէ մեր արդէն ծանրաբեռն ուսերը: Ներկայ դարու բազմագոյն խնդիրները, հարցերու բարդացման կայծակնային արագութիւնը, անոնց մասին ակնթարթային շարժումով տարածուող բացասական լուրերը, բամբասանքներն ու մեղադրանքները անհակակշռելի կը դառնան յաճախ: Ան, որ իր ուժերուն վստահելով կրնայ յայտարարել, թէ կեանքի բոլոր խոչընդոտները կրնայ յաղթահարել, անոր կ՛ըսենք` «սահման քաջաց, զէ՛ն իւրեանց»: Սակայն անոնք, որոնք իմաստութիւնը ունին յառաջատուական ընթացքով լուծուած տեսնել իրենց խնդիրները, նոյնիսկ անլուծելիներուն հետ ստիպուած են հաշտուիլ: