Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի օրհնութեամբ, Շաբաթ, 26 Մարտի առաւօտեան, թեմի Լոս Անճելըսի մեր եկեղեցիներուն մէջ գործող սարկաւագներ աղօթքի համար խմբուեցան Ազգային առաջնորդարանին մէջ եւ այս առիթով ունեցան դաստիարակչական յատուկ պահ մը:
Հանդիպման, որուն ներկայ եղան նաեւ հոգեւոր հայրեր, արծարծուեցան հոգեւոր եւ դաստիարակչական հարցեր:
Աւարտին, յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, խօսք առաւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ գնահատեց ներկաները՝ հոգեւոր սնունդ մատակարարող այս համախմբումին իրենց բերած մասնակցութեան համար: