ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Չորեքշաբթի, 30 լուսցող Հինգշաբթի 31 Մարտի գիշերը` մինչեւ առաւօտեան ժամը 10, Արցախի սահմանագիծի բոլոր հատուածներուն մէջ գետնի վրայ մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած` մնալով լարուած: Այս մասին հաղորդագռութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ նշելով, որ հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած:
«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները շարունակում են գործադրել բոլոր ջանքերն՝ ուղղուած շփման գծի արեւելեան ուղղութեամբ ադրբեջանական զինուած ուժերին իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն», կ՛ըսուի վերնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: