ՊԷՅՐՈՒԹ․- Երկուշաբթի առաւօտեան շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Լիբանանի փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի մէկ յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կը հաստատէ, որ լիբանանեան պետութիւնը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատունը սնանկացած են` ցաւ յայտնելով, որ երկրին մէջ ամէն բան փլուզումի մատնուած է:
Երեկոյեան ժամը 6:30ին, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցաւ կը շեշտէ, թէ Կեդրոնական դրամատան սնանկացած ըլլալուն մասին յայտարարութիւնը անճիշդ է:
«Հակառակ երկրին ելեւմտական մարզին ունեցած վնասներուն եւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամին կողմէ ճիգեր չեն խնայուիր լուծումներ գտնելու համար, Կեդրոնական դրամատունը տակաւին իր դերակատարութիւնը կը կատարէ», կ՛ըսուի Սալամէի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Իր կարգին, Շամի երեկոյեան ժամը 7:30ին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ իր յայտարարութիւնը սփռուած էր մասնատուած վիճակով: Ան հաստատեց, որ ինք ընդհանուր միտք մը փորձած էր արտայայտել, սակայն իր յայտարարութիւնը կտրատուած էր եւ փորձ մը կատարուած էր սխալ պատգամ փոխանցելու: