
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա շահագրգռուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածաշրջանային իրավիճակի կարգաւորման վերաբերող պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբ երումով։ Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին` խօսելով Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մասին։
Հայ-ռուսական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը հաստատեց, որ Ռուսիա գաղտնի չի պահեր իր դիրքորոշումը։ Ըստ անոր՝ Ռուսիա իր մնայուն եւ ոչ-քիչ ներդրումը ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւններու հաստատման գծով, եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։
Նոյն հանդիպումին մասին խօսեցաւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան՝ նշելով, որ բանակցութիւններու սեղանին սուր հարցեր պիտի դրուին եւ պիտի քննարկուին։ «Ի հարկէ այն ֆոնը, որը որ նախորդում է այս հանդիպմանը, լաւագոյնը չէ, մեղմ ասած, եւ, բնականաբար, այդ հանդիպման ընթացքում պէտք է շատ ցաւոտ եւ սուր հարցեր դրուեն սեղանին, եւ կողմերը փորձեն այդ սուր կէտերը հարթել եւ փորձել առաջ շարժուել, որը, մեղմ ասած, հեշտ չի լինելու, բայց սա է ակնկալիքը», աւելցուց ան։
Հակառակ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան` պաշտօնական Երեւան յոյս ունի, որ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ հանդիպման կողմերը պիտի փորձեն հասնիլ խաղաղութեան վերաբերող օրակարգի ձեւաւորման:
«Որեւէ պարագայում չենք պատրաստւում հրաժարուել դիւանագիտական ճանապարհով այս հարցի հանգուցալուծումից եւ պատրաստ ենք մշտապէս փորձելու գտնել այդ ընդհանրական կէտերը եւ դրանց վրայ փորձել նաեւ կառուցել այն մթնոլորտը, կամ այն օրակարգը, որի շուրջ որ հնարաւոր կը լինի սկսել իրական եւ բովանդակային բանակցութիւններ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հասնելու նպատակով», ըսաւ Աղաջանեան:
Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 5 Ապրիլին, վերջին շաբաթներուն Արցախի մէջ տիրող խիստ լարուած մթնոլորտի լոյսին տակ․ արդարեւ, ատրպէյճանական կողմը, խախտելով պայմանաւորուածութիւնները՝ ներխուժած էր խաղաղապահներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքները՝ պատճառելով երեք հայ զոհեր: Բացի այդ, Պաքու մինչեւ օրս չէ արձագանգած խաղաղութեան բանակցութիւններուն, նաեւ Ղարաբաղի կարգավիճակը քննարկելու եւ այս հարցով Մինսքի խումբին դիմելու` Հայաստանի առաջարկին:
Աւելի կանուխ Երեւան Պաքուի` միմիանց տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու եւ միւս առաջարկները նկատած էր ընդունելի` նշելով, սակայն, որ անոնք ամբողջական չեն եւ պէտք է լրացուին: «Հայկական կողմը ունի շատ յստակ ակնկալիքներ նման հանդիպումներից եւ իր կողմից կախուած առաւելագոյնն անում է, որ այդ նպատակները առաւել արդարանան», դիտել տուաւ Աղաջանեան:
Միւս կողմէ Սթրազպուրկի դատարանին մէջ հայ ռազմական գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան յայտնեց, թէ կ՛ակնկալեն, որ Փաշինեանի եւ Ալիեւի Պրիւքսէլի հանդիպումէն առաջ կամ ետք գերիներու խումբ մը վերադարձուի Հայաստան: Այդպէս է բարձր մակարդակի բոլոր հանդիպումներէն ետք:
«Այս քայլով, կողմերը` Հայաստանը եւ Ադրբեջանը բարձրացրել են միջազգային կառոյցի հեղինակութիւնը, դեր տալով մարդասիրական խնդիրների լուծման գործում», ընդգծեց Սահակեան:
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ետք տուն վերադարձան 8 հայ ռազմական գերիներ: Փաստաբան Սահակեան, սակայն, շեշտեց, որ 100 տոկոս վստահութեան մասին կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ հարցը քաղաքական է, պայմանաւորուածութիւնները` ստուերային: Ցարդ Ատրպէյճանէն վերադարձուեցան 150 գերիներ` բոլորը փակ պայմանաւորուածութիւններու իբրեւ արդիւնք:
«Մենք չենք ունեցել իրաւական ակտ, որը պահանջէր Ադրբեջանին ազատ արձակել ռազմագերիներին։ Ադրբեջանի վարքագիծը չունի իրաւական տրամաբանութիւն կամ ողջամտութիւն, եւ սա եւս ցուցանիշ է, որ որոշումները կայացւում են քաղաքական նպատակայարմարութեամբ», դիտել տուաւ Սահակեան: