Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8։30ին, Պէյրութի Էշրէֆիէ թաղամասի Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» ակումբի սրահը նեղ կու գար Սուրէն Անթոյեանի «Ինքնակերտումի ճամբով» գիրքին գինեձօնին ներկայ գտնուելու նպատակով հոն գտնուողներուն։
Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» ակումբին եւ «Համազգային»ի «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկը ժամադրութիւն մըն էր՝ մահուան ամէն տեսակի սպառնալիքներուն եւ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարած, հակառակ հարազատներու կորուստին, մօր բաժանումին ու կարօտին, օտարութեան ու մենակութեան, իր վերապրումի ու վերածնունդի ուղին անձամբ կոփած իսկական մարդուն, անձնուրաց հայուն՝ Սուրէն Անթոյեանի հետ։
Հանդիսութեան ընթացքին գինեձօնը կատարուեցաւ Անթոյեանի «Ինքնակերտումի ճամբով» գիրքին, որուն խորագիրը արդէն ամբողջ կեանք մը կը պատմէ, ոչ միայն ոչինչէն արժէքաւոր ուղի մը կերտած մարդուն, այլեւ շատ փոքր տարիքէն ցաւի, տառապանքի, զրկուածութեան եւ չարչարանքներու բեռը թօթափելով ոտքի ելած մարդուն մասին։ Գիրքին մէջ անձնականին կողքին, թերեւս անոր չափ ու աւելի ընդարձակ տեղ գրաւած են կուսակցական, ազգային-մշակութային եւ հասարակական գործունէութիւնը, նկարագրութիւններ տրուած են կառուցման մասին այնպիսի կառոյցներու, որոնք հայեցի դաստիարակութիւն տուին, որոնք եղան հիմը վերապրումի եւ պահանջատիրութեան։ Պահանջատէր երթը չէր կրնար ինքնաբերաբար ըլլալ, անիկա պէտք է խարսխուէր գոյութեամբ դպրոցին ու ակումբին, որոնց շինութեան համար իր մեծ ներդրումը ունեցաւ Սուրէն Անթոյեան եւ իր գիրքին մէջ պատմութեան համար ան կ՚արձանագրէ այս բոլորը՝ իբրեւ օրինակ նոր սերունդներուն, իբրեւ դաս՝ համայն հայութեան, յոյս՝ յուսահատներուն, եւ մղիչ ուժ ու հաւատք բոլոր անոնց, որոնք այսօր սկսած են պարպուիլ հաւատքէն ու պայքարելու ոգիէն։
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առնողները՝ Մոսիկ Պարսումեան («Համազգային»ի «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղին անունով), Կարօ Յովհաննէսեան (գիրքին խմբագիրը) եւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքէզեան, շեշտը դրին այն երեւոյթին վրայ, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Սուրէն Անթոյեան, որ որբերու սերունդին կը պատկանէր, որ փոքր տարիքէն իսկ ըմպած էր կեանքի դառն բաժակէն, որուն ապրած պայմանները ընդհանրապէս ծանր եղած էին, ոչ մէկ պահ ընկրկեցաւ, ոչ մէկ վայրկեան մտածեց նահանջի մասին, այլեւ միայն քալեց, բարձրացաւ, իրեն հետ բարձրացնելով հայութիւնն ու անոր արժանապատուութիւնը։ Շեշտը դրուեցաւ այն երեւոյթին վրայ, որ յատկապէս Էշրեֆիէի շրջանին մէջ Սուրէն Անթոյեան եղած է փարոս, տիպար, նուիրեալ ու ուղղամիտ դաշնակցական, միութենական ու ազգային գործիչ։ Անոր կեանքը եղած է ինքնակերտումի ու հայակերտումի մնայուն արշաւ մը, որ երբեք կանգ չէ առած ու պիտի չառնէ՝ վկայ իր նոր հրատարակուած գիրքը։
Կ. Յովհաննէսեան ներկայացուց գիրքը՝ անոր դաստիարակիչ ու պատգամաբեր արժէքին անդրադառնալով։ Խմբագիրը դիտել տուաւ, որ «Ինքնակերտումի ճամբով»ին մէջ կան դէպքեր եւ դէմքեր, որոնց մասին յաճախ չի խօսուիր, որոնք թէեւ յատկանշական են լիբանանահայութեան կեանքին մէջ, սակայն մոռացումի կամ անտեսումի ենթարկուած են։ Գիրքին մէջ կայ լիբանանահայութեան կեանքի ժամանակաշրջանի մը ու աշխարհագրական տարածքի մը վրայ ապրող հաւաքականութեան մը ողջ պատմութիւնը։
Իր սրտի խօսքն ու խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց նաեւ «Ինքնակերտումի ճամբով»ին հերոսը՝ Սուրէն Անթոյեան, որուն համեստութիւնը արդէն շատ բան կը պատմէ այդ մեծ մարդուն մասին։
Աւարտին, խօսք առաւ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ Սուրէն Անթոյեանը նկատեց տիպար մը, որուն պէտք է կուրօրէն հետեւիլ, մանաւանդ որ ան օժտուած է մարդկային ամէնէն վեհ արժանիքներով՝ պարկեշտութիւն, ուղղամտութիւն եւ անանձնական ծառայութիւն։ Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ մարդակերտումի եւ հայակերտումի ճամբուն վրայ մեծ եղած է անոր դերակատարութիւնը, եւ ան ոչ միայն ծառայած է, եղած է հաւատաւոր կուսակցական, այլեւ ծառայութիւն սորվեցուցած է, հաւատարմութեան ու վեհութեան ձգտումով լեցուն սերունդներ կոփած է։
Գինեձօնի հանդիսութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ. ԼԵՄի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ Սուրէն Անթոյեանին։
Ձեռնարկը փակուեցաւ գինեձօնով։
Լոկ ձեռնարկ մը չէր տեղի ունեցածը, այլ խոկալու ժամ մը՝ ի տես ժպիտը տակաւին դէմքին, յոյսով լի ու յոյս ներշնչող Սուրէն Հայրիկին, որ առանց խօսելու իսկ շատ բան կը պատմէ ու կը պատգամէ։