
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Լուքաս Ֆուրլասի եւ Ֆրանսուա-Էքզաւիէ Պելամիի նախաձեռնութեամբ, խորհրդարանի 43 պատգամաւորներ՝ բոլոր գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէն, նամակ յղեցին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին եւ Եւրոպայի Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորրելլին` Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ընդառաջ:
Այս մասին կը տեղեկացուի Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ, ուր կը նշուի, որ պատգամաւորները ահազանգեցին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուող ցեղային զտման քաղաքականութեան վերաբերեալ: Անոնք Եւրոպական Միութեան գործադիր ղեկավարներուն կոչ կուղղեն՝ օգտագործելու միութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր լծակները Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու համար, որպէսզի այդ երկիրը վերջ տայ Արցախի մէջ իր յարձակողական քաղաքականութեան, անյապաղ ետ քաշէ իր զինուած ուժերը ելման դիրքերը եւ դադրեցնէ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ վտանգել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ բարեկեցութիւնը:
«Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր ազդակ է` Եւրոպական Միութեան գործադիր ղեկավարներուն ուղղուած, որովհետու անիկա Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան յստակ գնահատական կու տայ` զայն բնորոշելով իբրեւ ցեղային զտման քաղաքականութիւն: Պէտք է շարունակենք հետեւողական ըլլալ, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ` վերջ տալու Արցախի հայաթափման սանձարձակ կեցուածքին», անդրադառնալով նամակին` ըսաւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան: