Հայաստանի պարի պետական համոյթը, Սենեկային երգչախումբը, «Կադանս», «Արեւիկ», «Սայեաթ Նովա» խումբերը, Ռուբէն Մաթեւոսեան, Շուշան Պետրոսեան, Լէյլա Սարիբէկեան, Համլէթ Գէորգեան, Արտօ Թունճպոյաճեան, Արսէն Գրիգորեան, Հայկօ, Այտա Սարգսեան, Լիլիթ Պիպոյեան, Արմէն Մովսիսեան եւ հայրենի այլ արուեստագէտներ Ուրբաթ, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Համազգային»ի ու Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի (Հ1) կազմակերպութեամբ երգեցին Լիբանանի համար եւ իրենց արուեստով զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանցիներուն եւ լիբանանահայութեան։
Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Քեզի՝ Լիբանան» խորագիրը կրող երգահանդէսը, որուն նպատակն է բարոյապէս աջակցիլ յուլիսեան պատերազմին պատճառով տուժած լիբանանցիներուն ու լիբանանահայութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Գեղամ Ղարիբջանեանը, որ հպարտութիւն յայտնեց այն մասին, թէ Լիբանանի դէմ պատերազմի առաջին օրերէն եւ անոր աւարտէն ետք Հայաստան զանազան նախաձեռնութիւններով իր մարդասիրական օժանդակութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան։
Սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան, որ ողջունեց «եղբայր եւ հարեւան այն երկիրը, որ ապաստան տուաւ Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած բեկորներուն, որոնք շատ արագ եղան լիբանանեան կեանքի սիւներէն մէկը եւ հպարտութեան մէկ մասնիկը»։
Իր խօսքի աւարտին, Վ. Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ այսօր կարգը հասած է Հայաստանի՝ նեցուկ կանգնելու հայութիւն եւ հայկականութիւն պահած ու պաշտպանած լիբանանահայութեան։
Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժըպրայէլ Ժըարան եւս ողջունելի գտաւ ձեռնարկը, որ կու գար ամրապնդելու զոյգ երկիրներու յարաբերութիւնները՝ զանազան մակարդակներու վրայ, իսկ Լիբանանէն ձայնագրուած պատգամ յղեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ուր ամէն բանէ առաջ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին հանդէպ գուրգուրանքի եւ զօրակցութեան արտայայտութիւն ունեցող ձեռնարկի կազմակերպման համար։ Պատգամին մէջ ըսուած է. «Յանուն լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր անքակտելի մէկ մասնիկը եղող Լիբանանի հայութեան՝ շնորհակալութիւն ձեզի։ Դուք լաւագոյն փաստը տուիք տառապող ժողովուրդներուն միջեւ գործակցութեան եւ ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան համար մղուող պայքարի միացեալ հաւատքին»։