ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022ին, նախկին հալէպահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեաններ այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան։
Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեաններ վեհափառին յայտնեցին, որ 100,000 ամերիկեան տոլարի գումարով կը փափաքին Դպրեվանքի հիմնադրամ մը հաստատել եւ յանձնառու եղան յառաջիկային աճեցնել հիմնադրամը։
Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Գարակիւլեան ընտանիքի յանձնառութիւնը եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց անոր՝ Դպրեվանքի առաքելութեան առաւել ծաղկման իր շօշափելի մասնակցութեան համար։