Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող Ծաղկազարդի տօնը Կիրակի, 10 Ապրիլին, մեծ հանդիսաւորութեամբ եւ անօրինակ ցնծութեամբ նշուեցաւ Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Մեծեր եւ փոքրեր, համախմբուած իրենց ծխական շրջաններու եկեղեցիներու մէջ՝ հոգեւոր բացառիկ ուրախութիւն մը ապրեցան եւ իրենց կարգին ուրախութիւն սփռեցին ամէնուրեք:
Այս առիթով, առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց համալիրին մէջ:
Նախքան մանուկներու թափօրը, սրբազան հայրը խօսեցաւ ոգեշնչող պատգամ մը, որուն ընթացքին համայնական խնդրանք բարձրացուց Առ Աստուած՝ ըսելով. «Տէ՜ր, թող որ բացուին մեր աչքերը, որպէսզի կարողանանք սխալը ճիշդէն զանազանել եւ ցորենը՝ որոմէն: Կ՛ուզենք տեսնել Քու յաղթանակներդ այս երկրի վրայ, արդ, կ՛աղաչենք, բաց մեր աչքերը, Տէ՜ր: Խաղաղութեան ծարաւ մեր հոգին այցի կը սպասէ Խաղաղաբեր Իշխանիդ, ներգործէ մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս, Տէ՜ր, եւ թող որ բազմապատկուի մեր մանուկներուն ուրախութիւնը, ու աստուածային զօրութիւնդ ապահովութիւն դառնայ անոնց վրայ»:
Հոգեպարար պատգամի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը նաեւ սիրոյ եւ միաբանութեան կոչ ուղղեց մերազն ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, ապա օրհնեց եկեղեցւոյ շրջափակը լեցուցած բազմահազար հաւատացեալները:
Յայտնենք, որ դռնբացէքի արարողութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր գաղութի բարերարներէն Մայք Սարեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
