ԹԵՀՐԱՆ, «Մեհր»․- Իրանցի խորհրդարանական եւ Ազգային ապահովութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի անդամ Ֆատա Հոսէյն Մալեքի ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա կը ձգտին ամրապնդել ահաբեկիչներու ներկայութիւնը Իրանի սահմաններու շրջակայքը։
«Մեր դիւանագիտական մարմինը պէտք է մնայուն կապի մէջ ըլլայ դրացի երկիրներու, որոնց կարգին՝ Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, ուր ահաբեկչական բջիջներ ստեղծուած են։ Անոնք պէտք է զգուշացնեն այդ խումբերու վտանգաւոր գործողութիւններու հետեւանքներուն մասին եւ յիշեցնեն այս երկիրներու կառավարութիւններուն, որ իրենք եւս պիտի տուժեն այդ հետեւանքներէն», ըսաւ Մալեքի, որ աւելցուց, թէ այդ երկիրներու կառավարութիւնները, անշուշտ, տեղեակ են նման խումբերու մասին։