Անորոշին ու անիմանալիին զոյգ երկիւղները իւրօրինակ վախ մը կ’ազդեն իրենց զաւակներուն ապագայով շատ մտահոգ մարդոց: Յատկապէս տարեդարձներու, տարեվերջի ու տարեսկիզբի անցումային շրջաններուն կամ՝ նոր երկիր մը փոխադրուելու եւ միջավայր փոխելու հետ առնչուած վախեր կան, որոնցմէ դժուարաւ կը ձերբազատուին ապագայի վախով տարուած անձեր։
Թերեւս ոմանց տարօրինակ թուի, թէ ի շարս զանազան տեսակի վախերու, գոյութիւն ունի նաեւ Նոր տարուան վախը: Այս հաստատումին մասին շատ մը արտայայտութիւններու ականջալուր կարելի է դառնալ Նոր տարուան համար սարքուած խրախճանական սեղաններու շուրջ: Նոյն առիթով բարեմաղթութիւններ արտասանելու համար բաժակներ բարձրացնողներու բաժակաճառերուն ընթացքին, շատ մը բարի ու յուսադրիչ խօսքերուն առընթեր, կարելի է զգալ անհեթեթ վախ մը նոյն ճառախօսներուն մօտ: Վախ՝ մինչեւ յաջորդ տարուան հանդիպումը ողջ մնալու: Վախ՝ մինչեւ յաջորդ տարուան նոյն օրը առողջութիւնը կարենալ պահելու: Վախ՝ յառաջիկայ տարուան վտանգներէն անփորձանք անցնելու: Վախ՝ ընտանիքին ամբողջականութիւնը կարենալ պահպանելու եւ ցաւալի կորուստներ չունենալու: Կարելի չէ՛ յստակօրէն ըսել, թէ ի՞նչ բանի վախ կը զգան այդ պահուն նման արտայայտութիւններ ունեցողները, սակայն վախը ինքնին ակներեւ կը մնայ:
Այս վախերուն խօսնակը յաճախ իր խօսքին կշիռ տալու մտահոգ լրջութեամբ երբեմն ապագայատեսիլ հայեացքով եւ երբեմն մարգարէաշունչ ոգիով կը ջանայ հեռու հորիզոններու հասնիլ մտքի արագասոյր թեւերով ու այնտեղ, ունկնդիրի բախտին անիւը յոխորտանքով դարձնել եւ կարդալ անոր սպասող վիճակը, ժողովրդային բառով՝ ճակատագիրը: Սովորական բարեմաղթութենէն անդին անցնելով, գուշակներու յատուկ արուեստին ձեռքբերումը ամէն մարդու գործը չէ՛: Այդպիսիներուն համար ժողովուրդը կ’ըսէ. «Լեզուն բերնին մէջ կը դառնայ»: Բոլորին լեզուն ալ բերնին մէջ կը դառնայ, երբեմն առանց նոյնիսկ պահ մը ազատ թողելու մանրէները, որպէսզի ակռաները փճացնելու գործին լծուին ժրաջանութեամբ:
Առհասարակ մարդիկ չեն անդրադառնար, որ նոյնինքն իրենց զգացած վախն է յաճախ, որ վախի առարկայ մը կը ստեղծէ ոչինչէն…: Վախնալու զգացումիդ մէջէն կը ծնի զգացած վախդ յաճախ, երբ տակաւին գոյութիւն չունի վախցնող բուն «առարկան»: Այս հասկացողութեամբ, վախը կարելի է նմանցնել լուսանկարիչներու այն մութ սենեակին, ուր անոնք պատկերներու ժապաւէնները քիմիական նիւթերով կը լուային, նկարահանում կատարելու համար: Գործընթաց մը կար այնտեղ, որ մեր աչքերէն հեռու կը մնար: Նոյնպէս ալ վախը մեր զգացումներու եւ ապրումներու մութ գիշերուան մէջ ծնունդ կու տայ տարբեր պատկերներու՝ վախերու, որոնցմէ ոմանք թերեւս մենք մեր ձեռքերով ստեղծած ենք: Շատեր իրենց վախէն հալածական կը վազեն ու կը փախչին առանց ետեւ նայելու: Սակայն երբեմն կ’անդրադառնան, որ խոյս կու տան բանէ մը՝ որ ո՛չ թէ միայն բնաւ զիրենք չի՛ հալածեր, այլ՝ գոյութիւն իսկ չունի…: Եթէ պահ մը ետեւ դառնան տեսնելու համար, թէ ո՞վ է ան, որ զիրենք կը հալածէ, կամ ո՞ւր հասած է, պիտի տեսնեն, որ իրենք առանձինն կը վազեն, առանց հետեւող սարսափազդու բան մը ունենալու իրենց ետին…:
Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած վախը երկիւղածութիւն կը կոչուի, սակայն ներկայիս անոր բացակայութիւնը զգալի է գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ: Մարդիկ այսօր Աստուծմէ վախնալու փոխարէն իրարմէ կը վախնան: Մարդէ վախցող մարդոց աւելի՛ կարելի է հանդիպիլ, քան՝ Աստուծմէ վախցողներու:
Նորը, ըլլայ ատիկա առարկայ, ժամանակ, դէպք կամ այլ երեւոյթ, միշտ ապագայ գալիքի մը, ըլլալիքի մը, տարբեր առարկայի մը ակնարկութիւն կը կատարէ: Երբ «նոր» կ’ըսենք, կը հասկնանք մեզի համար անսովոր բան մը, որուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիպին մեր աչքերը: Այսպէս, նոր կահ-կարասիով իր տունը զարդարող անձը բաւական ժամանակ անոր նորութիւնը կը զգայ, մինչեւ որ աչքի վարժութեամբ սովորական դառնան անոնք իրեն համար: Նոյնպէս, նոր ու աւելի բարձր պաշտօնի կոչուող զինուորականը որոշ ժամանակ հոգեկան գոհունակութեամբ կ’ըմբոշխնէ իր նոր հանգամանքը, մինչեւ որ ժամանակ մը ետք սովորական կը դառնայ իրեն համար տրուած կոչումը, ունեցած դիրքը ու վայելած նոր պատիւը: Պէտք չէ՛ զարմանալ, որ «նոր»ին դիմաց զգացած ուրախութեան մէջ եւս կայ վախը, անոր յառաջացնելիք նորութիւններուն սպասումով։ Այսպէս, նորափթիթ երիտասարդը այնքան ուրախ կը զգայ իր նոր եւ արագընթաց ինքնաշարժով։ Նոյն ուրախութիւնը կը զգայ նաեւ ծնողը, սակայն անոր սրտին մէջ թաքուն վախ մը բոյն կը դնէ, նկատի ունենալով նոյն ինքնաշարժով պատահելիք հաւանական վտանգները։ Ատոր արտայայտութիւնը չէ՞, որ անոնք շուտով կը փութան շնորհաւորութեան մաղթանքին աւելցնել՝ «Աստուած փորձանքներէ հեռու պահէ» մաղթանքը։
Ապագան եւս նորութեանց ցուցակին մէջ կ’իյնայ, սակայն մնայուն հանգամանքով մը: Ապագային միշտ «նոր» ըլլալը չէ՛ այնքան վախազդու երեւոյթը, որքան՝ անոր անկանխատեսելի նորութիւններով յանկարծակիօրէն յղանալը: Այս անիմաստ վախին պատասխանը Աստուած ինք կու տայ ըսելով. «Մի՛ վախնաք վաղուընէ, որովհետեւ Ես հոն հասա՛ծ եմ արդէն…»: Աստուած ինք քեզմէ շա՜տ աւելի առաջ է։ Ապագան ի՛նք արդէն վախէն դողդողացող վիճակի մէջ է, երբ քննենք անոր իսկութիւնը, նման ծառին վրայ հովէն տատանող աշնանային դեղնած տերեւին: Ինչո՞ւ կը վախնաս ապագայէդ, նայի՛ր անոր եւ պիտի տեսնես, որ ան քեզմէ աւելի կը դողայ ի՛ր վախէն…:
Վախը դրական փոքրիկ դերակատարութիւն մը ունի, եւ այդ ալ մեզ ապագային համար պատրաստող իր աշխատանքն է: Անիկա մեզ բնաւ պէտք չէ՛ սարսափեցնէ մեր ապագան դիմաւորելու անխուսափելի վախճանէն, այլ պէտք է զգուշացնէ մեզ այդ ճամբուն վրայ հանդիպելիք վտանգներէն: Ա՛յս է վախին դրական դերակատարութիւնը: Այլապէս, ապագայէն վախնալով անդին փախչիլը, ներկան սպաննե՛լ կը նշանակէ ու ապա՝ ամլութեան մատնուիլ:
Վախին դրական դերակատարութեան յանձնուելէ ետք, մարդը պարտաւորութիւն մը ունի կատարելիք իր շրջապատին մէջ: Անոր բացարձակապէս արգիլուած է իր զգացած վախերը ուրիշին յայտնել, այլ միայն իր կամքն ու եռանդը պէտք է փոխանցէ ուրիշներուն: Որովհետեւ վախը վախ կը ծնի, եւ անոնք կը բազմանան աւելի արագ, քան նապաստակները: Մինչ քաջալերութեան ծնունդ տալը տքնաջան աշխատանքի կը կարօտի, ու ոմանք այդ ճամբուն վրայ կը փչեն իրենց վերջին շունչը, առանց կարենալու ըստ արժանւոյն քաջալերել իրենց խնամքին ու սիրոյն յանձնուած անձերը:
Այս կեանքը ապրելու համար պէտք է ամէն վախ մէկդի վանենք մեզմէ: Նախ ընդունինք այն հաստատումը, ըստ որուն՝ գողի՛ն սիրտն է, որ միշտ դողի մէջ կ’ըլլայ եւ ո՛չ թէ սովորական մարդուն, որ իր արդար կեանքը կ’ապրի այս աշխարհի վրայ: Հաւատացեալ մարդը կեանքի նոր հայեցակէտով կը դիտէ աշխարհը եւ ըստ այնմ կը դիմաւորէ Նոր տարին:
Նոր տարին լոյս ու յոյս կը բերէ եւ ոչ թէ վախ կ’ազդէ։ Առողջ գիտակցութեամբ օժտուած մարդը կ’օրհնաբանէ լոյսը եւ ոչ թէ կը վախնայ լոյսէն։ Մենք լոյսէն վախնալու ո՛չ մէկ պատճառ ունինք։ Ըստ Յիսուսի մտածողութեան, լոյսէն կը վախնան անոնք՝ որոնք չարիք գործած են ու կ’ուզեն մութին մէջ կորսնցնել իրենց չար արարքները (հմմտ. Յհ. 3.20)։
Նոր տարուան լոյսով պէտք է լուսաւորել մեր ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքը։ Զանազան երկիրներու մէջ սովորութիւն է Նոր տարուան գիշերը մինչեւ առաւօտ վառ պահել տան բոլոր լոյսերը։ Խորհրդանշական իմաստ ունի այդ՝ խաւարը մերժելու, անոր վախը փարատելու եւ անոր տիրապետութենէն դուրս գալու։ Այս իմաստով, լոյսէն վախցող չափահասները աւելի տգէտ են իմ հայեցողութեամբ, քան՝ մութէն վախցող երեխաները, որոնց պարագային բնազդային բնական վախ մըն է, որ կ’արտայայտուի, ի դիմաց մութին ստեղծած խորհրդաւոր իրավիճակին։
Ապագային նկատմամբ չափազանցուած վախը նաեւ արտայայտութիւն կրնայ նկատուիլ հաւատքի մէջ մեր տկարութեան։ Հետեւաբար քրիստոնէութիւն եւ վախ՝ հակադիր գաղափարներ են եւ բնաւ կարելի չէ զանոնք իրարու հետ ներդաշնակել։
Նոր տարուան լոյսով ու յոյսով զօրացած քրիստոնեաներ իբրեւ պիտի շարունակենք մեր կեանքը առանց վախի, հասնելու համար ուրախութեան այն երանելի վիճակին, որուն փափաքով լեցուն է իւրաքանչիւր մարդու սիրտը։ Ինչո՞ւ ընտրել վախազդու մութը, երբ յոյսի ու լոյսի շողերով կարելի է ողողել բացուող Նոր տարուան մեր օրերը։