ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Արարատ Միրզոյեան 15 Ապրիլին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկեցին Մոսկուայի աջակցութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցման հեռանկարները: Անոնք անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի կազմութեան:
Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերուն կարեւորութիւնը, որոնց կարգին նաեւ՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ նախարարները միտքեր փոխանակեցին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ 2020ին եւ 2021ին գոյացած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ` շեշտը դնելով տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հետագայ քայլերուն վրայ:
Նախարարները քննարկեցին նաեւ երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ 19-20 Ապրիլին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ռուսիա պաշտօնական այցելութեան եւ այդ ծիրին մէջ երկկողմ փաստաթուղթերու ծրարի ստորագրութեան։