ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ, «Էյ.Փի.».- Հոլանտայի գլխաւոր երկու քաղաքական կուսակցութիւնները՝ Քրիստոնեայ ժողովրդավար եւ Աշխատաւորական, որոշած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուներէն երեքը ետ քաշել, որովհետեւ անոնք Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրքեր են:
Կուսակցութեան պատասխանատուները շեշտեցին, թէ թուրքերը պիտի շարունակեն մնալ կուսակցութեանց անդամ, սակայն որովհետեւ անոնք ընդդիմացած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կուսակցութեանց պահանջներուն, որոշուած են ետ քաշել անոնց թեկնածութիւնը, որովհետեւ անոնք չեն կրնար երկու կուսակցութիւնները լաւապէս ներկայացնել:
Թուրք թեկնածուները թրքական «Սապահ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ժխտած էին Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ հոլանտական կուսակցութեանց ղեկավարութեանց հետ խորհրդակցելէ ետք հաստատ մնացած էին իրենց կեցուածքին վրայ, ինչ որ կուսակցութեանց այս որոշումին առաջնորդած էր: