«Հոս չէ՛ ան, յարութի՛ւն առաւ» (Ղուկաս 24.6):
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ*

Վերոյիշեալ զգայացունց յայտարարութիւնն է, որ կ՛ամփոփէ Ս. Զատկուան խորհուրդն ու պատմութիւնը: Յիսուսի խաչելութեան յաջորդող առաջին Կիրակի առաւօտն էր երբ իւղաբեր կիներ եկած էին Յիսուսի մարմինը օծելու: Իրենք զիրենք մեծ անակնկալի մը դէմ յանդիման գտան: Յիսուսի գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած էր: Բայց աւելին, գերեզմանը թափուր էր: Յիսուսի մարմինը հոն չէր: Ի տես այս արտակարգ պատահարին՝ մինչ անոնք ապշած իրարու կը նայէին, երկու լուսազգեստ մարդիկ իրենց քով կանգնած հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէին. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ» (Ղուկ. 24. 5-6):
Այս յայտարարութեան մէջ կը խտանայ Ս. Յարութեան տօնին պատգամը: Պատմական եղելութիւնը այն է, որ Յիսուսի թշնամիները խաչեցին եւ սպաննեցին զինք: Իր բարեկամները խաչէն վար առնելով անոր անշնչացած մարմինը փոխ առնուած գերեզմանի մը մէջ դրին եւ հսկայ քար մը գլորեցին գերեզմանին դուռը: Բայց Աստուած խորտակեց գերեզմանին կապանքը եւ յարուց տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ իբր յարուցեալներուն առաջին պտուղը:
Յիսուս Քրիստոսի յարութեան դէպքը հիմնաքարն է քրիստոնէական հաւատքին: «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» յայտարարութիւնը ունի մշտանորոգ պատգամ մը, որ կը շեփորէ հետեւեալ երկու կարեւոր իրողութիւնները.
Առաջին, Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը կը հաստատէ յաւիտենական կեանքի անմեռ յոյսը: «Հոս չէ՛ ան. յարութիւն առաւ» յայտարարութիւնը կու գայ վկայելու անդենական կեանքի երաշխիքը, կու գայ հաստատելու Քրիստոսի խոստումը՝ «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը, ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11. 25):
Այս կը նշանակէ թէ Գողգոթայէն ու մութ գերեզմանէն անդին կայ հրաշափառ յարութիւն: Աւագ Ուրբաթին կը յաջորդէ Կիրակի օրուան հրաշալի առաւօտը: Մահը վերջակէտ չէ, այլ սոսկ ստորակէտ մը, աւելի փառաւոր արարի մը, որ անվերջ ու յաւիտենական է:
Երկրորդ. Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը ոչ միայն անդենական կեանքի մը յոյսը կը ներշնչէ, այլ նաեւ ամէնօրեայ յաղթական կեանք մը ապրելու երաշխիքը կ՛ընծայէ: Աւելի քան քսան դարերու ընթացքին բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վկայութիւնը յար եւ նման եղած է Պօղոս Առաքեալի զօրեղ վկայութեան. «Գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Ա. Կորն. 15. 57):
Քրիստոսի յարութիւնը հզօր ներգործութիւն ունեցաւ իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն կեանքին մէջ: Քրիստոս այնչափ իրական դարձաւ իրենց կեանքին մէջ, որչափ իրենց շնչած օդը իրենց թոքերուն համար: Ո՛չ մէկ բան կրնար բաժնել զիրենք յարուցեալ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատքէն եւ սէրէն. ո՛չ հալածանքը, ո՛չ չարչարանքը եւ ո’չ իսկ մահը:
Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեր մէջ կ՛արմատացնէ այն հաւատքը, որ կարգ մը աստուածատուր սկզբունքներ որչափ ալ անտեսուին, անարգուին, կոխկրտուին եւ թաղուին՝ ի սպառ չեն կորսուիր, այլ ի վերջոյ կը յաղթանակեն: Թող խաւարամիտ, նենգամիտ եւ անիրաւ մարդիկ ուրանան, հալածեն եւ թաղեն լոյսը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը, բայց, վաղ թէ ուշ, այս յաւիտենական իրականութիւնները պիտի յաղթանակեն: Թող կեղծաւոր, անգութ եւ անիրաւ փարիսեցիները, քահանայապետերն ու կուսակալները զրպարտեն, հալածեն, խաչեն եւ թաղեն տէր Յիսուսը, բայց Աստուած մէկդի պիտի գլորէ գերեզմանաքարը ու պիտի յարուցանէ զԱյն:
Այս օրերուն Ուքրանիայի ժողովուրդը ահաւոր վիճակի մը մատնուած է: Ռուսիոյ բռնակալ նախագահը կը փորձէ Ռուսիոյ հպատակ դարձնել իրեն դրացի Ուքրանիոյ Հանրապետութիւնը: Ան լծուած է անխնայ կոտորածի ու կործանումի արշաւի մը:
Ամբողջ երկիր մը, ներառեալ իր կէս միլիոն հայկական գաղութին, ենթարկուած է աննկարագրելի բարբարոսութեան մը: Հազարաւոր մարդիկ զոհ դարձած են ռմբակոծումներու, միլիոնաւոր մարդիկ մեծ ու պզտիկ գաղթական դարձած են, քաղաքներ ու կառոյցներ փլատակ դարձած են:
Անկասկած պիտի գայ այն օրը երբ կեանքի խաւարած «գիշեր»էն յետոյ պիտի ծագի խաղաղութեան արեգակը: Մինչ այդ, սակայն, որպէս քրիստոնեաներ պէտք է մեր աղօթքներով եւ մեր նիւթական նուէրներով օգնութեան ձեռք երկարենք ուքրանացի ժողովուրդին եւ մեր գաղթական հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Կը հաւատանք, որ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պիտի յաղթանակեն: Կը հաւատանք նաեւ, որ հզօր Աստուած իր գահուն վրայ նստած կը շարունակէ գահակալել, եւ պիտի չարտօնէ, որ մեղաւոր մարդիկ ի սպառ յաղթանակեն: Վերջին խօսքը Յարուցեալ եւ Յաղթական Տիրոջն է: Անոնք, որոնք իրն են, կրնան հաւատքով եւ յոյսով ապրիլ եւ յաղթականօրէն գոչել՝
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
* Գործադիր Տնօրէն, Հայ Աւետարանական
Համաշխարհային խորհուրդի