Հոկտեմբեր 13ին, Universite de Montreal-ի «Լիոնէլ Կրու» մասնաշէնքին մէջ, առաւօտեան ժամը 11:30ին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մօտ Քանատայի դեսպան Իվ Պրոտէօրի դասախօսութիւնը՝ «Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ անոր առնչուող հարցեր» նիւթով: Ան կը կայանար խորհրդաժողովի մը ծիրէն ներս, որ կազմակերպուած էր նոյն համալսարանի Միջազգային ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութեանց կեդրոնին (CERIUM) կողմէ:
Սոյն ձեռնարկին մասնակցեցան Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն, Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութենէն եւ տեղւոյն Հայ ուսանողական միութենէն (ASA) անդամներ:
Ընդհանրապէս դրական լոյսի տակ ներկայացնելէ ետք Թուրքիոյ ընկերատնտեսական եւ քաղաքական այսօրուան իրավիճակը, դեսպան Պրոտէօր ջատագով հանդիսացաւ թուրք-քանատական կապերու ամրապնդման: Ան յատուկ կերպով յիշեց Թուրքիոյ տուած օժանդակութիւնը՝ քանատացի-լիբանանցիներուն, վերջին իսրայէլեան ներխուժման ընթացքին:
Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ «Արմէն Գարօ»ի ներկայացուցիչները անհրաժեշտ միջամտութիւններ կատարեցին դասախօսութեան աւարտին՝ ասուլիսի բաժնին մէջ: Դեսպանին ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ, թէ իբրեւ Քանատայի ներկայացուցիչ, ինք իրաւունք չունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը «ողբերգութիւն» կոչելու: Ամէնէն ուշագրաւը սակայն օտար ուսանողներու հայանպաստ ելոյթներն էին, որոնց դիմաց թրքական ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը մնաց ձեռնթափ:
Խորհրդաժողովի աւարտին, CERIUM-ի ներկայացուցիչները իրենց հետաքրքրութիւնը յայտնեցին «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամներուն, Հայկական հարցի նիւթով խորհրդաժողով մը կազմակերպելու, ու այդ գծով գոյացաւ նախնական համաձայնութիւն: