Դեկտեմբեր 13ին Պրիւքսէլի հրէական լսատեսողական յիշողութեան հիմնարկի (L’Institut de la Memoire Audiovisuelle Juive) եւ Սեֆարատի եւրոպական հիմնարկի (L’Institut Sepharade Europeen) կողմէ կազմակերպուած է Լորանս Ժուրտանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որմէ ետք պիտի կայանայ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում՝ հասարակական-քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ: Լուրը կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.