
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս դժուարացաւ բացատրել, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր ինչ կարգավիճակով տարածաշրջան կ՛այցելէ:
19 Ապրիլին տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին ատրպէյճանցի լրագրողը Նետ Փրայսին հարցուց Էնտրիւ Շոֆըրի կարգավիճակին մասին: Հարցման պատճառը նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բաժինի «Թուիթըր»ի էջի 18 Ապրիլի գրառումն էր, Շոֆըրի տարածաշրջան այցելութեան մասին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ «կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական»:
Շոֆըրի այցելութեան կարգավիճակին վերաբերող այս հարցումին պատասխանելով՝ Փրայս ըսաւ. «Մենք տուեալ չունինք այս անձնաւորութեան ուղեւորութեան մասին, կամ թէ՝ ի՛նչ կարգավիճակով ան գործած է ժամանակին, բայց կը վերադառնանք ձեր հարցումին, եթէ աւելցնելիք ունենաք»:
Յայտնենք, որ Էնտրիւ Շոֆըրը 19 Ապրիլին Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ: Մէկ շաբաթ առաջ ալ Երեւանի մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներ ունեցած է Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէոյ:
Թէ՛ ֆրանսացի եւ թէ ամերիկացի դիւանագէտները հայկական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ ներկայացուած են իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներ:
«Ազատութեան» լրագրողը կը նշէ, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ճակատագիրի հարցը առաւել հրատապ դարձաւ 8 Ապրիլին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ հայաստանցի պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին կատարած յայտարարութենէն ետք, երբ ան ըսաւ, որ Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգները հրաժարուած են ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցելէ: Ըստ անոր՝ Արեւմուտքը վեր կը դասէ Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւնները՝ ղարաբաղեան հարցի լուծումէն:
Այդուհանդերձ, թէ՛ Ֆրանսա եւ թէ Միացեալ Նահանգները յայտարարեցին ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու պատրաստակամութեան մասին, որոնց կարգին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին միջոցով: Մինչդեռ Ռուսիա Մինսքի խումբին մէջ իր համանախագահ Իկոր Խովաեւը նշանակեց արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացացուցիչ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու բարելաւման հարցով:
ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ճակատագիրին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան մասին հարցումներուն պատասխանելով՝ Նետ Փրայս յիշեցուց, որ նախորդ շաբաթ այս նիւթին անդրադարձ կատարուած է, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն շուռջ երկու շաբաթ առաջ այս մասին խօսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: «Մենք յանձնառու կը մնանք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագային նպաստելուն: Մենք կը յորդորդենք Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը՝ շարունակել աշխուժացնել դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը եւ օգտուիլ գոյութիւն ունեցող կառուցակազմերէն՝ ուղղակիօրէն ընդգրկուելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող կամ անոր իբրեւ արդիւնք մնացեալ բոլոր հարցերուն լուծում գտնելու մէջ, եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները՝ համապարփակ խաղաղ համաձայնութիւն կնքելու ուղիով: Ինչ կը վերաբերի մեր դերակատարութեան՝ մենք պատրաստ ենք աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի այս ջանքերուն՝ ներառեալ մեր կարողութիւնները իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ: Եւ երբ մենք կը խօսինք ներկայ կառուցակազմերուն մասին, անշուշտ, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը անոնց մէկ մասն է», յայտնեց Փրայս: