Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, Սպահանի Պետական համալսարանի եւ Պարսկերէն լեզուի զարգացման կեդրոնի հրաւէրով, Թեհրան ժամանեց հայաստանեան գրողներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Աննա Էգիպեանը, Լաւրենտի Յովհաննիսեանը, Աւիկ Իսահակեանը, Վրէժ Փարսադանեանը, Աշխէն Մակարեանը, Արեւշատ Աւագեանը եւ Յովհաննէս Գրիգորեանը:
Նշելի է, որ ասիկա երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու միջեւ կայանալիք 2րդ համագումարն է: Պատուիրակութիւնը երէկ մեկնած է Սպահան:
Հայաստանի գրողներու պատուիրակութիւնը Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24ին կը վերադառնայ Թեհրան:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 25ի երեկոյեան ժամը 6ին, «Արարատ» մարզաւանի «Շահբազեան» սրահին մէջ, Իրանահայ գրողներու միութեան եւ «Արարատ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, հայաստանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ հանրութեան հետ: