ԵՐԵՒԱՆ.- Երկու իրերայաջորդ օրերու ընթացքին, Ատրպէյճան յայտարարեց, որ հայկական կողմը խախտած է սահմանը եւ ռմբակոծած ատրպէյճանական դիրքեր: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց լուրերը:
2 Մայիսին Ատրպէյճան յայտարարեց, որ 1 Մայիսէն լուսցող գիշերը Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ ռմբակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան համարժէք պատասխան տուած է:
«Այդ հաղորդագրութիւնն ապատեղեկատուութիւն է, իրադրութիւնը հայ-ադրբեջանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ գտնւում է ՀՀ Զու ստորաբաժանումների լիարժէք վերահսկողութեան տակ», վստահեցուց պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժինը:
30 Ապրիլին եւս Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնանման բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, եւ հայկական կողմը զայն հերքեց: