ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակին առիթով, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու յղեց հետեւեալ ուղերձը․
«Այսօր մենք յուզումով եւ յարգանքով կ՛ոգեկոչենք յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնք 107 տարի առաջ անմարդկային կերպով բնաջնջուեցան օսմանեան կայսրութեան օրերուն։ Այդ ողբերգութիւնը կը հանդիսանայ պատմութեան մութ էջը եւ կը յիշեցնէ մեզի, թէ որքան կարեւոր են կեանքի պաշտպանութիւնը, մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաեւ ազգային, կրօնական եւ ինքնութեան բազմազանութեան ընկալման ու ըմբռնման կարեւորութիւնը։ Մեր եղբայրներուն նկատմամբ իրագործուող խտրականութեան, բռնութեան ու ատելութեան նկատմամբ մշտական զգօնութիւնը եւ արձագանգը բոլորիս պարտքն է՝ ազգերու եւ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան հիմնական պայմանը»։
Իսկ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը․
«Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ 1․5 միլիոն մարդոց հետեւողական բնաջնջումէն ետք, կը յարգենք զոհերու յիշատակը։ Անցեալի պատմութեան սեւ էջերու յիշողութիւնը նմանօոճիրներ կանխելու ուղեցոյցը կը հանդիսանայ։ Մեր առաջնահերթ հետապնդումը պէտք է ըլլայ խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքով յատկանշուող ապագայի մը կերտումը»։
Նշենք, որ 24 Ապրիլի օրը նմանօ ուղերձներով հանդէս եկան Յունաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու առաջնորդներ, պետական եւ քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։