
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու Քենզըս նահանգի Ազգային ջոկատի պատուիրակութիւնը` Ազգային ջոկատի հրամանատար, զօր. Տեյվիտ Վէյշերի գլխաւորութեամբ:
4 Մայիսին, ամերիկեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանին մէջ։
Հանդիպում տեղի ունեցաւ համալսարանի ղեկավարութեան եւ դասախօսական կազմին հետ։
Հիւրերուն ներկայացուեցաւ համալսարանի հիմնադրութեան պատմութիւնը, գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ կրթական ծրագիրները: