



ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներ Պրետ Շըրմըն եւ Ճիմ Քոսթա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընէն յստակացումներ պահանջեցին Արցախի եւ Հայաստանի դէմ պատերազմական ոճիրներ գործող Ատրպէյճանին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու անընդունելի քաղաքականութեան վերաբերեալ։
Անոնք նաեւ շեշտեցին, թէ ատրպէյճանական յարձակումներու թիրախ հանդիսացող Արցախի հայութեան անմիջական եւ յաւելեալ օժանդակութիւն պէտք է տրամադրուի։
Պահանջները ներկայացուեցան 2023ի պետական ամավարկը քննարկելու նպատակով Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան նշեալ յանձնախումբերուն մէջ Պլինքընի հարցաքննութիւններուն ընթացքին։
Պլինքըն խոստացաւ լրջութեամբ քննել պահանջները՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը արգիլող եւ նախագահներու կողմէ շարունակաբար շրջանցող թիւ 907 յաւելուածին նկատմամբ վարչակազմին այս տարուան որոշումը տակաւին քննարկումի մէջ է։ Ան նաեւ քննադատեց յատկապէս Պաքուի կողմէ առնուած կարգ մը միակողմանի քայլերը, որոնք վնաս կը հասցնեն Արցախի տագնապին ընդունելի լուծում մը գտնելու ջանքերուն։
Քոնկրեսականները նաեւ օրակարգ բերին հայ պատերազմի գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու հարցը եւ Պլինքըն վստահեցուց, որ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերը կը շարունակուին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան երախտագիտութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն, որ կը շարունակեն Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը կասեցնելու պահանջը օրակարգի վրայ պահել։