ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան բաժանմունքի Վտանգներու նուազեցման գործակալութիւնը Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան նուիրեց քիմիական, կենսաբանական, ճառագայթային եւ միջուկային վտանգներու արձագանգման սարքաեր, ընդհանուր առմամբ՝ աւելի քան 1 միլիոն տոլար արժողութեամբ:
Լուրը հաղորդեց Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը՝ նշելով, որ յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լուսակերտի ուսումնական կեդրոնին մէջ:
Ներկայ եղան Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան, փոխնախարար Արա Նազարեան, Փրկարար ծառայութեան տնօրէն, գնդապետ Արմէն Գասպարեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ռազմական կցորդ գնդապետ Կրեկըրի Փայփս, Քենզըս նահանգի ազգային ջոկատի հրամանատար զօր. Տեյվիտ Վեյշըր, գործակալութենէն եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն այլ պաշտօնատարներ։