
Եկեղեցական Պաշտամունք Եւ Հրապարակային Ժողով
Մայիս 14ի Կիրակի օր, Ֆրեզնոյէն Սան Ֆրանսիսքօ պիտի ժամանէ տէր Տիրայր եպիսկոպոս՝ նորընտիր առաջնորդ Հայոց Ամերիկայի։ Առաւօտեան ժամը 11ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ եւ ժամը 12ին քարոզ պիտի խօսի յունաց նորակառոյց Ս. Սոֆիա եկեղեցիին մէջ, որ կը գտնուի Հէյզ եւ Բիրս փողոցներուն անկիւնը։
Ամէն անոնք, որ մկրտուելիք զաւակներ ունին, պէտք է օգտուին առիթէն։ Նաեւ անոնք, որ կ՛ուզեն պաշտամունքէն յետոյ հաճելի ժամանց մը վայելել, կրնան իրենց կէս օրուան կերակուրները հետերնին բերել եւ եկեղեցիին ճիշդ դիմացը գտնուող գեղեցկատեսիլ հանրային պարտէզին մէջ ճաշել, բաժին մը հանելով նաեւ մեր սովեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։
Իսկ իրիկունը ժամը ճիշդ 8ին, տեղի պիտի ունենայ համագաղութային մեծ ժողով «Իլըկզ հոլ»ին մէջ, ուր պիտի բանախօսէ տէր Տիրայր եպիսկոպոս՝ այժմէական խիստ կարեւոր նիւթի մը վրայ։ Մեզի ծանօթ եւ թէ նորեկ երգիչներ եւ երգչուհիներ պիտի երգեն ու նուագեն այս մեծ ու կարեւոր ժողովին մէջ։ Ուստի սիրելի է յուսալ, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայից հայ գաղութը պիտի ջանայ օգտուիլ այս գեղեցիկ առիթէն։
Մնամ յարգանօք՝
Ի դիմաց միջյարանուանական եւ միջկուսակցական խառն յանձնախումբի՝
ՅՈՎՍԷՓ Յ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Փոխ ատենապետ եւ քարտուղար
Մայիս 9, 1922, թիւ 851