Պուքրէշ լոյս տեսնող «Նոր Կեանք» ամսաթերթի Յուլիս-Օգոստոս թիւերէն կ’իմանանք, որ Յուլիս 8ին, Պուքրէշի «Տուտեան» մշակոյթի տան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Ռումանիոյ Հայոց միութեան հինգերորդ համագումարը՝ աւելի քան հարիւր պատուիրակներու մասնակցութեամբ:
Բացման խօսքը ուղղած են Տիրայր արք. Մարտիկեան եւ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Եղիշէ Սարգսեան:
Համագումարին ներկաները լսած են զեկոյցներ, ինչպէս նաեւ Վարուժան Փամպուխչեանի ելոյթը՝ որպէս ազգային փոքրամասնութիւններու խորհրդարանական խմբակի ղեկավար, թէ պիտի մշակուի աշխատանքային ծրագիր՝ Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ վաւերացնել տալու օրինագիծ մը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Համագումարը իր վերջին օրակարգով ընտրեց նոր նախագահ եւ ղեկավար մարմնի 21 նոր անդամներ: