





30 Ապրիլէն 1 Մայիսին, Սաքրամենթոյի հայ համայնքը հոգեւոր անսահման ցնծութեան եւ բերկրանքի օրեր ապրեցաւ, որովհետեւ համայնքային կեանքը զարդարուեցաւ նորակառոյց Սուրբ Յակոբ Հայց․ եկեղեցւոյ օծման հոգեպարար արարողութեամբ, ձեռամբ՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին։
Տարիներ շարունակ, Սաքրամենթոյի հայութեան երազած սեփական եւ մնայուն եկեղեցի մը ունենալու գաղափարը վերջապէս կեանքի կոչուեցաւ՝ շնորհիւ առաջնորդին, եկեղեցւոյ հովիւ Եղիշէ քհնյ․ Քսաճիկեանի, ինչպէս նաեւ Ծխական խորհուրդին եւ համայնքի հաւաքական կամքին ու քրտնաջան աշխատանքին։ Եւ ահա՛ Սաքրամենթոյի հայութեան հոգեւոր անդաստանը ծաղկեցաւ իր հոգիի տաճար՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիով, թեմի պատմութեան յուշամատեանին մէջ արձանագրելով նոր, կոթողային եւ լուսաշաւիղ թուական մը։
Եկեղեցւոյ նաւակատիքի եւ օծման արարողութիւններուն ներկայ էին հարիւրաւոր հաւատացեալներ, պատկառելի հիւրեր եւ ուխտաւորներ՝ ժամանած թեմի տարբեր ծուխերէ եւ համայնքներէ։ Ներկայ էին նաեւ Նիւ Եորքի Ս․ Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Մարտիրոս Ա․ քհնյ․ Չեւեան եւ Քուփերթինոյի Ս․ Անտրէաս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա․ քհնյ․ Յարութիւնեան։
Եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկիզբ առաւ Դռնբացէքով, յընթացս որուն․ «Բա՛ց մեզ, Տէր զդուռն ողորմութեան Քո» հոգեզմայլ շարականի երգակցութեամբ բացուեցան եկեղեցւոյ դռները, ապա սրբազան հօր նախագահութեամբ սկիզբ առաւ օծման արարողութիւնը։
Նախ սրբազանը օծեց եկեղեցւոյ Ս. խորանը, ապա եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանը, որմէ ետք, ուղեկցութեամբ հոգեւորականներուն՝ յաջորդաբար օծեց եկեղեցւոյ մայր դուռը եւ սիւները, որոնք նուիրուած էին առաքեալներուն եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետներուն։ Ապա, կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն։
Օծման արարողութեան աւարտին սրբազանը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Այս պատմական եւ օրհնեալ օրը միասնաբար դարձնենք մեր հաւատքի վերածնունդը խորհրդանշող հրաւէրը։ Երկար տարիներու ընթացքին բոլորիս փայփայած գեղեցիկ առաքելութեան Աստուածահաճոյ երազն ու տեսիլքը դարձաւ իրականութիւն։ Այս հիասքանչ տունը Աստուծոյ առաջնորդութեամբ ու օգնականութեամբ առաւել եւս պէտք է ամարացնէ մեր քրիստոնէական հաւատքը։ ․․․Եկեղեցին, սակայն, քարեղէն շէնքը չէ միայն, եկեղեցին մենք ենք բոլորով եւ կոչուած ենք դառնալու ապրող շնչող ու կենսագործող եկեղեցին, որպէսզի մեր կեանքի ճանապարհը դարձնենք դէպի Աստուած տանող ճանապարհը»։
Աւարտին՝ սրբազանը իր օրհնութիւնը եւ մաղթանքները փոխանցեց եկեղեցւոյ հովիւին, ծխական եւ յարակից խորհուրդներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ եկեղեցականներուն։
Օծման արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, յընթացս որուն՝ առաջնորդը, իբրեւ գնահատանք երկարամեայ, անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ սրահը կոչեց տէր եւ տիկին Ռատ եւ Պէքի Ճօրճօրեաններու անունով։ Ապա սրբազան հօր կողմէ գնահատանքի եւ պարգեւատրութեան արժանացան նաեւ ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու բազմաթիւ անդամներ։
Հուսկ ամենայնի, սրբազանը իր երախտիքի ու գնահատանքի խօսքերը ուղղեց նաեւ ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիշէ քհնյ․ Քսաճիկեանին՝ անոր շնորհելով «Տարուան Քահանայ» կոչումը, իր նուիրեալ, ակնառու հովուական ծառայութեան համար։
Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ առաջնորդին «Պահպանիչ» աղօթքով:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս․ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
1 Մայիսին, անդրանիկ Ս․ պատարագ մատուցուեցաւ Սաքրամենթոյի Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ առաջնորդին եւ առընթերականութեամբ եկեղեցւոյ հովիւին։
Յընթացս պատարագին, սրբազանը, ի նշանաւորումն եկեղեցւոյ օծման եւ ի գնահատութիւն նուիրեալ ծառայութեան, Սուրբ խորանին սպասաւորող հինգ դպիրներու՝ Նարեկ դպիր Դիւանեանին, Հայկ դպիր Դիւանեանին, Դանիէլ դպիր Սահակեանին, Առաքել դպիր Իսայեանին եւ Արէն դպիր Դիւանեանին շնորհեց ուրար կրելու իրաւունք:
Արարողութեան աւարտէն ետք, առաջնորդը շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալները, ապա իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով․«Սիրելիներ ի Քրիստոս, երէկ կատարեցինք այս սուրբ եկեղեցւոյ օծումը սրբալոյս միւռոնով եւ ուխտեցինք, որ միասնաբար պիտի կառուցենք նոր կեանքը՝ Քրիստոսով ամրագրուած»։
Դիւան Առաջնորդարանի