ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արեւմտեան գործընկերները` Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեցին, թէ կը հետեւին հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումներուն` կոչ ուղղելով յարգելու հաւաքներու իրաւունքը եւ նոյն ժամանակ ցուցաբերելու զսպուածութիւն:
«Մենք բոլորովին կ՛աջակցինք ազատ կամքի արտայայտութեան եւ խաղաղ հաւաքներու հիմնարար իրաւունքին։ Մարդոց կոչ կ՛ուղղենք՝ իրենց կարծիքը արտայայտելու խաղաղ ձեւով։ Իշխանութիւնները կը յորդորենք զսպուածութիւն դրսեւորել, իսկ ցուցարարները՝ զերծ մնալու բռնութենէ եւ յարգելու օրէնքի գերակայութիւնը եւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը», մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս։
Նոյն ուղերձը կրկնեց նաեւ Երեւանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինի՝ ըսելով
«Ականատես եղանք որոշ լարուած իրավիճակներու, որոնց ընթացքին տպաւորութիւն ստացայ, որ պէտք է հարցեր բարձրացնել, ուղիղ կերպով բարձրացնել, եւ ես այդ ըրի: Յստակ յայտարարութիւն կատարեցի, որ ոստիկանութիւնը պէտք է հետեւի բոլոր կանոններուն․ ոստիկանութիւնը եւ իրաւապահ մարմինները պէտք չէ անպատժելի ըլլան: Այս բոլորին պէտք է հետեւել: Միւս կողմէ, ըսեմ, որ կրնան տարբեր ընկալումներ ըլլալ, թէ որո՛նք են խաղաղ հաւաքները, եւ եթէ կանն ադրանքներ, ես ինծի հարց կու տամ` այդ սադրանքները ո՛ւր կ՛աւարտին: Բայց ասիկա որոշումի հարց է»:
Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հարցերու կայուն լուծման։ Ան այս մասին խօսեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Դիւանագէտը յիշեցուց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները քանի մը անգամ հանդիպած են արդէն՝ պայմանաւորուելով բանակցութիւններու սկսիլ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, ինչպէս նաեւ սահմանազատման յանձնաժողով կազմելու: Առայժմ, սակայն, այս ուղղութեամբ յստակ յառաջընթաց չէ արձանագրուած։
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է այդ հարցին մէջ աւելին ընելու, սակայն ամէն պարագայի, որոշումները պիտի տրուին երկու երկիրներուն միջեւ, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը այս ոլորտին մէջ ուղղակի միջնորդ է։ Ան դիտել տուաւ, որ իրենք մնայուն կերպով հանդիպումներ պիտի ունենան կողմերուն հետ՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ կրնան ընել, որպէսզի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուի։ «Մեր նպատակն է օգնել՝ հասնելու կայուն լուծման եւ բոլորին հնարաւորութիւն տալ ապրելու խաղաղութեան ու ապահով միջավայրի մէջ», եզրափակեց Վիքթորինի։
Recently parliament 2 opposition groups, turned leaders of mob
demonstrators with clear political , pro Russian, declaring saving
Arzakh, replacing government with new elections; agreeing FREE
speech, BUT NOT VIOLATORS, LOOTERS . TRAITORS. SELLERS OF
ARMENIA, UNDER NATIONAL SLOGANS, to Turkey- Azerbaijan or
Russia, and walking fist high, *bolshevik sign*; some “nationalist”
among them, forgetting 1991/92, their leader was ordered out by
1st president, promoter of 2nd, 3rd, P.M. ; this way approving
expelling of their leader !!, same time forgetting 1918 Sardarabad,
2.5 years Independent Armenia, 1921 February 18 killings in prison &
popular revolt, K. Nejteh 6 months free Armenia in Sunik. Practically
accepting Russian yoke, and considered one of these: agent, bolshevik,
or paid activist, BUT NOT PURE NATIONALIST SOCIALIST !!!.