15 Մայիս 2022ին, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ քուէարկելու համար յօգուտ 128 երեսփոխաններու աթոռներու, որոնցմէ 6ը վերապահուած է Լիբանանի հայ համայնքին՝ իբրեւ ընտրական 3 հայահոծ շրջաններու ներկայացուցիչներ:
6էն 8 Մայիսին արդէն տեղի ունեցան արտերկրի քուէարկութիւնները 48 երկիրներու մէջ, որոնց կարգին 8 Մայիսին՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութեան լիբանանցի հատուածը անմասն չմնաց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելէ:
Լոս Անճելըսի շրջանի հայ-լիբանանահպատակ քաղաքացիներուն համար նախատեսուած էին 2 ընտրական կեդրոններ՝ Կլենտեյլի մէջ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, իսկ Հովիտի շրջանին մէջ՝ Lebanon House կեդրոնը:


ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն (ԿԿ) Պելմոնթի (Belmont) իր կեդրոնէն կազմակերպեց եւ վերահսկեց քուէարկութիւններու հեզասահ ընթացքին՝ թիկունք կանգնելու համար ՀՅԴի հովանաւորած թեկնածուներուն:
ԿԿի յառաջացուցած Ընտրական յանձնախումբը Հոկտեմբեր ամիսէն իսկ սկսաւ արձանագրել ընտրութիւններուն մասնակցողներ։ Լիբանանի հիւպատոսարանին հետ համագործակցաբար՝ անիկա նորոգեց ինքնութեան թուղթեր, ապահովեց ցանկերու վաւերացումը եւ ստացաւ պատկան նախարարութիւնէն դիտորդներու հրամանագիրները:
Ընտրութեան օրը, յանձնախումբը կրպակներ հաստատեց 2 կեդրոններու մօտ, ուր անհրաժեշտ ուղողւթիւններ տրուեցան քուէարկողներուն, Կլենտէյլի Հայ Երիտասարդական կեդրոնէն եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան ակումբէն քուէարկողներ փոխադրեց, կարգ մը պարագաներու՝ իրենց բնակարաններէն դէպի ընտրական կեդրոնները:
Ամիսներու ժրաջան այս աշխատանքը տարուեցաւ ազգային-կուսակցական բարձր գիտակցութեամբ՝ ի նպաստ հայութեան քաղաքական ընդհանուր շահերուն: