Համադրեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ընդհանուր. – Չարենցը պրիզմա (պրիսմակ) մըն է, կախուած հայ գրականութեան վրայ: Արեւելեան կողմէն դիտես՝ «Հանճար» կ՛երեւայ քեզի, արեւմտեան կողմէն նայես՝ «բանջար» կը տեսնես, հիւսիսէն՝ «ծիածան», «վարդ», «կոյս», հարաւէն՝ «թուք», «խլինք», «մէզ»:
Մակինցեանի ըսելով, իր սկզբնկան լոյսը ստացեր է Տէրեանէ, իր ըսելով՝ Մայակովսկիէ: Տէրեանը վառուած լուցկիի մը նման դէն է նետեր արդէն, գալով Մայակովսկիին…՝ թէեւ ստիպում չկայ բայց … կրնայ եւ չվառուել… իրմէ յետոյ:
Ինքը Հոկտեմբերի երգիչ է. Այդ պատճառով «թքեր է» բոլոր Սեպտեմբերի գրածներուն վրայ:
Վալիւտա (օտար դրամանիշ).- Ինչպէս պետութիւն մը իրաւունք չունի իր ունեցած ոսկիէն աւելի թղթադրամ բաց թողնելու՝ անանկ ալ անհատ մը չի կրնար ուզածին չափ անիմաստ խօսքեր շռայլել՝ առանց դիմացը իրական արժէք մը դրած ըլլալու: Շեքսպիրը, որ 42 տարի իմաստուն բաներ է գրեր, իրաւունք ունէր նոյնքան տարի ալ յիմար բաներ գրելու: (Ուրիշ բան է չէ ուզեցեր, որ յիմարութեան իրաւունքէն օգտուէ): Չարենցը անցելոյն մէջ 7 պրակ շնորհալի բաներ է գրեր, դիմացն ունի 5 անշնորհք պրակներ: Դեռ երկու պրակ մը գրելու տեղ ունի:
Հայհոյանք կանխիկ.- Խիստ սաղլամ (կատարեալ) գործ է բռներ Չարենցը: Ուրիշ հեղինակներու նման օրերով-շաբաթներով չի բերեր տաներ ինք քննադատներուն՝ պզտիկ հայհոյանք մը տալու համար: Անիկա նախ քննադատին կը հայհոյէ՝ նոր կու տայ գիրքը քննադատելու:
Շատ վաճառատանց դռան կարդացեր եմ «ապառիկ ոչ ոքի», բայց քիչ վաճառական տեսեր եմ Չարենցի նման գրած սկզբունքին հետեւող: Ըստ Չարենցի, այն մարդը, որ իր գրածները չի հաւնիր՝ «Էշ» է, իսկ այն էշը, որ իր պոէմները կը մեծարէ «մարդ» է: Փառք տանք ամենակալին, որ տակաւին էշերը գլխի չեն ընկեր, ապա թէ ոչ աշխարհիս բոլոր աւանակները, պահանջուած յարգանքի տուրքը ձգելով Չարենցի փառասիրութեան գանձարկղը՝ մարդոց շարքերը պիտի լցուէին:
Կը բացականչեմ՝ ինչո՞ւ ջանըմ, բանաստեղծութիւն մը հաւնելու կամ չհաւնելու պատճառաւ ինչո՞ւ կենդանական ազնիւ ցեղ մը վերանայ երկրիս երեսէն:
Հարցապնդում.- Չարենցի հայ գրականութեան մէջ բերած նորութիւններէն գլխաւորներն են՝ «թուք», «խլինք», «մէզ», «ոջիլ», «կակուղ միս» եւ «կոնք», բաներ մը, որ Երեւանի որ ետ ընկած փողոցին մէջ ալ լեցուած ըլլան, սանիտարական (առողջապահական) վարչութիւնը սայլակներ կը ղրկէ դուրս թափելու համար: Ինչո՞ւ կը յապաղի վարչութիւնը, ու իր սայլակները տակաւին չեն երեւցած հայ գրականութեան դռներուն առաջ, ուր այս բաները տպուած են ցերեկով:
Եղիա եւ Եղիսէ.- «Երեքէն» «երկուսը»՝ Չարենց ու Վշտունին՝ Պառնասի զոյգ մարգարէները, կը շրջէին Հայաստանի մէջ ու «պրոլետարական» (աշխատաւորական) գրականութիւն կը քարոզէին հեթանոսս պոէտներուն:
Ուր մտնէին՝ «մենք եկանք» կ՛ըսէին, ուրկէ ելնէին՝ «մենք գացինք» կը ձայնէին: Մէկ խօսքով՝ մենք, մենք, մենք….
Երբ անցեալ ամառ Չարենցը Մոսկուա համբարձաւ՝ կէս ճամբին խղճալով մենակ մնացող Վշտունուն՝ իր «գրական պրեսթիժը» (հմայք, համբաւ) վար նետեց, առ ի գործածութիւն:
Այսօր, Հայաստան վար գալով, կը խլէ «պրեսթիժը» հէգ Վշտունիէն ու «Վեռլէնի քամուն» կու տայ իր զինակիցը:
Կենդանիներու մէջ ալ ցեղ մը կայ, որ կը ծնի ու ձագերը որոշ տարիքի հասնելէ զկնի՝ կը սկսի ուտել:
Տէրտէրներ.-
Չարենց.- Երեկ երեկոյ պոէմ մը ծնայ:
Բարեկամ մը.- Տէրտէրեա՞նը կը կանչես քննադատելու:
Չարենց.- Ո՛չ, ես Տիգրան Հախումեանի ծուխն եմ:
Կտակ.- «Ռոմանս Անսէրը» Մոսկուայի մէջ տպուած էր ու ոչ միայն Հայաստան չէր ուզեր գալ, այլ կը վախնար տպարանի դռնէն դուրս նայել:
– Դուրս եկուր, կը հրէ ետեւէն հեղինակը:
– Կը վախնամ քննադատութենէ:
– Քալէ, ես քեզի հետ եմ:
Ու ձեռքէն բռնած Հայաստան կը բերէ Չարենցը:
– Իսկ եթէ դուն մեռար, ո՞վ պիտի պաշտպանէ զիս,- կը հարցնէ պոէմը:
– Կը կտակեմ, որ ոչ ոք չքննադատէ քեզի:
Դաժան անգթութիւն.- Գարնան առաւօտ էր: Փողոցէն անցածս ատեն նկատեցի շարան մը «մեշչաններ» (քաղքենի), «մռութները» թաշկինակով կապած կ՛երթային: Իմ հարցիս, թէ ի՞նչ է պատահեր՝ պատասխանեցին ցաւալի տնքալով.
– Անմեղ կ՛երթայինք, Չարենցը մեզ կանչեց թէ՝
«Ուզո՞ւմ էք կամպոտ (շաքարեղէն) կամ չիր:
Կամպոտի փոխարէն
Էսօր ձեր
Կակուղ ծնօտին մօտիկ
Թող շաչէ երգերիս ղամշին (մտրակ)», ու սկսեց հարուածել:
– Վա՜յ, անգութ մարդ: Յայտնեցի՞ք ոստիկանատուն:
– Այո բանաստեղծները արտօնուած են եղեր ուզածնին ընելու:
– Իրա՞ւ: Անանկ է նէ՛ փախէ՛ք: Աղէկ, որ չէ սպաներ ձեզի:
Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր.-
– Երանի՛քեզ, – դարձաւ Սեպտեմբերը Հոկտեմբերի նախանձով լի: – Դայեակի նման Չարենցը գրկած, կը գգուէ քեզի:
– Մի՛ նախանձիր, դրացի՛, եթէ հնար ունենամ գիշեր մը կը փախչեմ անոր երգերէն:
– Ինչո՞ւ
– Ծօ ի՞նչ կը հարցնես, օրը ցերեկով ալ «ուռած շոգ կոնք», «կակուղ միս», «կիրք» «արնահամ բուրմունք»… ամօթէս գետին կը մտնեմ:
– Վայ քոռանամ քոյրիկ, ինչու այդքան տկլոր:
– Տէրեանի հակառակն ըրած ըլլալու համար…
«Հին» ու «նոր» Չարենցը.- Երբ Չարենցը, «նոր ուղղութեան» հետ նստած խրախճանք կ՛ընէր, իր հին պոէմները սեւեր հագած ներս մտան ու այսպէս ըսին.
– Ետ տուր մեզի «Չարենց» անունը, այդ անունը մեզմով առիր, մեզի կը պատկանի: Մեզի դեն ես «թքեր» մենք ինչպէ՞ս ապրինք անանուն: Եթէ մէկը հարցնէ, թէ « որո՞ւ պոէմներն էք», ինչ՞ պատասխանենք…
1923